«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին առիթով – ԵԹԷ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՆՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Միջազգային Ատեաններու Մօտ

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին Նիւթն էր՝ «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»։ Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)՝ կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ.

1. Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:   2. Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը:

            1. Հայաստանի հանրապետութիւնն է, որ իբրեւ պետութիւն՝ կրնայ գործնական եւ միջազգային իրաւական գետնի վրայ հետապնդել Արցախի դատը, ապագան եւ կարգավիճակը: (Ուրեմն այս իշխանութեան օրօք, Արցախի դատը կը մնայ մեռեալ*):

            2. Սփիւռքը՝ իբրեւ միջազգային իրաւական կարգավիճակ չունեցող էութիւն, չի կրնար միջազգային իրաւական գետնի վրայ հետապնդել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, անոր հողերուն վերադարձը եւ ապագայի կարգավիճակը, այլ միայն կրնայ «աղմուկ բարձրացնել» եւ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՉՄԱՏՆԵԼ Արցախի ժողովուրդին տեղահանութիւնը՝ ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքը վերադառնալու գործին մէջ, այնպէս ինչպէս հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպատակին մէջ սփիւռքը յաջողեցաւ: Լսարանէն իմ տպաւորութիւնս այսքան էր:

          Սակայն գիտականօրէն եւ հաստատօրէն, երբե՛ք մի՛այն այս երկու կարելիութիւններով չէ որ կը սահմանափակուինք՝ կա՛մ այս, կա՛մ այն, ինչպէս որ դասախօսը անուղղակիօրէն եզրակացուց: Տրամաբանօրէն, ճիշդ է, որ Հայաստանը պէտք էր մենաշնորհը ունենար Արցախի դատը պաշտպանելու… Սակայն հեգնօրէն՝ Հայաստանի այժմու իշխանութիւնն էր, որ թշնամիին յանձնեց Արցախը…

            Ուրեմն Ի՛նչ ընել:

          Պատասխանը պարզ է: Ինչո՞ւ չէ, փոխարինաբար, պէտք է գտնենք որեւէ այլ պետութիւն, օրինակ՝ Ուրուկուէյը, որ 1965-ին հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնն էր, որ Արցախի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնն ու ինքնորոշման հարցը արծարծէ միջազգային ամպիոններու վրայ, եթէ այժմու Հայաստանի հակահայ, հակաարցախ, դաւաճան այս իշխանութիւնը որեւէ կերպ պիտի չհետապնդէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, քանի որ բացայայտօրէն ոչ թէ մեղսակից էր Արցախը թշնամիին յանձնելուն այլ այս դաւաճան վարչապետը ուղղակի հակասահմանադրական ու գերագոյն դաւաճանութեամբ եւ Փրակայի մէջ Արեւմտեան պետութիւններու հովանաւորութեամբ՝ եւ Ռուսիոյ բացակայութեան՝ Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ «միջազգային ընտանիքը» մոռնալով ազգերու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ առանց բուն ժողովուրդին կարծիքը առնելու… ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ… եւ այլն, ԵՐԵՒՈՒԹԱՊԷՍ՝ անմիջապէս ընդունեց այդ հակաօրինական եւ մի՛այն ի՛ր անձը ներկայացնող ստորագրութիւնը՝ իբրեւ կատարուած իրողութիւն:   

Առաջարկ 1.

          Սփիւռքի մեր հզօր ներուժը անմիջապէս զօրաշարժի պէտք է ենթարկենք, Աշխատանք տանելով Ուրուկուէյի եւ վերջերս Կազայի ցեղասպանութեան դէմ գործնական եւ յաջող կեցուածք ճշդած Հարաւային Ափրիկէի նման երկիրներու մօտ, Արցախի ժողովուրդին դատը սփիւռքեան ծրագրուած եւ գործնական եղանակով մը ներգրաւելու, նոյնիսկ մէկէ աւելի երկիրներու մօտ, որպէսզի իրե՛նք վերցնեն Արցախի դատը ներկայացնելու աշխատանքը: Ի վերջոյ, ցեղասպանութիւնը համամարդկային ոճիր է: Եթէ բո՛ւն իրաւատէրը՝ Հայաստանը ԱՆՏԱՐԲԵՐ Է ԵՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԱՐՑԱԽԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԳՏՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԴԱՏԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՊԱՐԶ ԵՒ ՅՍՏԱԿ:

            Ուրեմն սփիւռքը կատարելիք մեծ աշխատանք ունի, ապահովելու համար երկիրներ, կամ՝ երկիր մը, որ(ոնք) պատրաստ է(են) Արցախի դատը հետապնդելու մինչեւ անոր բարւոք աւարտը: Առանց ժամանակ կորսնցնելու, Այս պիտի ըլլայ սփիւռքին անմիջական գործը:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

1 փետրուար 2024

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

1. https://www.youtube.com/watch?v=YjHCraOY1XI

2. https://www.aztagdaily.com/archives/600563

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started