Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան», Կամ՝ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ը, Որուն Տեղեկագիրը Հիմքն է Սեւրի Դաշնագրով Ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին. Խեղաթիւրելու  Փորձ Մը Եւս

Նոյնի՛սկ ամերիկացի զինուորական մը կը փորձէ խեղաթիւրել Հայոց պատմութիւնը, իրմէ գերադաս` զօրավար Հարպորտին 1919-ին գլխաւորած 53 զինուորական մասնագէտներէ բաղկացած առաքելութեան, շուրջ 1600 էջ տեղեկագիրը «կողմնակալ» որակելով: Թուրքը, թաթարը եւ մեր միւս թշնամիները անդադար կը խեղաթիւրեն հայոց պատմութեան բոլոր փուլերը:

           «Կեանքի եւ կարօտի համար. ինչպէ՞ս արեւելեան Անատոլիոյ ժողովուրդը նաւարկեց միջպատերազմը, այնպէս, ինչպէս կը վկայէ Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը` դէպի Հայաստան» («For life and longing: How the people of eastern Anatolia and Transcaucasia navigated the interwar, as witnessed by the 1919 American military mission to Armenia», by Rosanne M. Horswill), այս է խորագիրը 359 էջ դոկտորական ատենախօսութեան (1), որ հազարապետ Ռոզան Հորսուիլ 2023-ին ներկայացուցած է Հիւսիսային Քարոլայնայի Չեփըլ Հիլի համալսարանի պատմութեան ամպիոնին` իբրեւ փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանի մասնակի կատարում:

1. Հայ որբեր կը դիմաւորեն զօրավար Հարպորտը` ձախէն առաջինը, իսկ Յարութիւն Խաչատուրեանը` աջէն առաջին զինուորականը, Էջմիածինի մուտքին:  2. Հազարապետ Ռոզան Հորսուիլ, կեդրոնը, ուսուցչութեան վկայական կը ստանայ Ուէսթ Փոյնթ զինուորական ակադեմիային մէջ գնդապետ Կէյլ Եոշիթանիէն:

            Զարմանալի չէ, որ այս փոքր համալսարանին դոկտորականի դատական կազմին 5 դասախօսներէն 2-ը թուրք են, իսկ երախտագիտութեան երկար ցանկին մէջ կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ զինք եւ ամուսինը հիւրընկալած մեծ թիւով անձերու անուններ, որոնց մէջ՝ 2018-էն 2023 Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը: Հայաստան չէ այցելած ան, սակայն օգտուած է Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն՝ Ճորճ Աղճայեանի եւ Մարի Չոլոյեանի օժանդակութեամբ եւ «Հայրենիք» ամսագիրի արխիւէն` Յարութիւն Խաչատուրեանի յուշերէն: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Հարպորտ առաքելութեան» ծանօթ, մասնագէտ՝ Գայեանէ Մախմուրեանին, որ շատ օգտակար գտնուած է: Ասոնք են միայն հայկական կողմին հետ իր կապերը: Թէ ինչո՞ւ «Միջպատերազմ» եզրը՝ «Interwar» գործածած է, որ կը բնորոշէ Ա. եւ Բ. Պատերազմին միջեւ ժամանակաշրջանը չհասկցայ, որուն մասին որեւէ յստակ ակնարկութիւն չկայ գրութեան մէջ, իսկ այդ ի՛նչ կապ ունի առաքելութեան հետ:

3. Սեւրի դաշնագիրին համար նախագահ Ուիլսընին օգտագործած քարտէսին պրակը, որ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ը պատրաստած է:  4. Մարթա Ուաշինկթըն մարտանաւը, որ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ը բերաւ Պոլիս, որուն մէջ կար «Նոյնիսկ այսօր չեմ կարծեր, թէ ըլլայ հայ հաստատութիւն մը, որ ունենայ այնքան ճոխ գրութիւններ Հայաստանի մասին, որքան` «Մարթա Ուաշինկթըն»-ի գրադարանը», կ՛ըսէ առաքելութեան անդամ Յարութիւն Խաչատուրեանը, 1941-ին:

          «Վերականգնելով առաքելութեան արձանագրութիւնները, իմ նպատակս է ուղղել տարածաշրջանի միատարր բնութագրումները` ներկայացնելով մարդիկ (թուրքեր, հայեր, քիւրտեր եւ ուրիշներ), որոնք տեսակցած են առաքելութեան անդամներուն հետ: Իւրաքանչիւր քաղաքի եւ իւրաքանչիւր խումբի հետ մենք կը տեսնենք տեղական կարիքներն ու փափաքները, որոնք վերապրած են այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանը», կ՛ըսէ հեղինակը: Բոլորովին մոռնալով, որ ինք գործ ունի պատերազմ սկսած եւ պարտուած ու քայքայուած Օսմանեան կայսրութեան հետ, որուն զոհ գնաց հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Իր նպատակը փաստող, շօշափելի, կամ յատկանշական որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուցած ան:

           Հորսուիլի կարեւորագոյն պատճառաբանութիւնը այն է, որ հայերը ամերիկացի ժողովուրդին եւ աւագանիին համակրանքը կը վայելէին` շնորհիւ հայկական ջատագովական կազմակերպութեան` լոպիին… Հարիւրաւոր ամերիկացի միսիոնարներուն, դեսպան Մորկընթաուին եւ այլ դիւանագէտներու եւ որբախնամ կազմակերպութիւններու տեղեկագիրներէն տեղեակ չէ՞: Տեղեակ չէ՞, որ` «Ամերիկայի ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ենթայանձնաժողովին կողմէ վարած լսումներուն ընթացքին տրուած ցուցմունքները յստակօրէն հաստատած են հաղորդուած (Թուրքիոյ կողմէ հայերուն*) ջարդերուն եւ այլ վայրագութիւններուն ճշմարտութիւնը, որոնցմէ տուժած է հայ ժողովուրդը» (2): Առաջին` ինքզինքին հարցուցա՞ծ է, թէ ի՞նչ էր պատճառը, որ Ամերիկայի նախագահն ու ծերակոյտը, Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներն ու ամէնէն հեղինակաւոր 250 քոլեճներու եւ համալսարաններու նախագահները (3) եւ համայն Ամերիկայի ժողովուրդը կը համակրէին հայերուն: Պէտք էր ջարդարար ու բարբարոս` դաժան թուրքի՞ն համակրէին… Ի վերջոյ, այս է Ռոզան Հորսուիլին ըսածը, թէ պէտք չէր համակրէին զոհին` հայերուն… «Զգացական» չըլլային…

           Երկրորդ թէեւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը միշտ գործածած է, սակայն հեղինակը նախապաշարուած է հայութեան ցեղասպանութիւնը ուրացող թրքական կեցուածքէն` քանի մը տեղ յայտնելով թուրքին տեսակէտը, որուն փաստերէն է իր հանդիպումը Թուրքիոյ 2018-2023 պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ, որ, իր կարգին, հեղինակն է խեղաթիւրուած «Հարպորտ զինուորական առաքելութիւնը դէպի Հայաստան. ամերիկեան փաստահաւաքի առաքելութեան պատմութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, ապրիլ 2021», Harbord military mission to Armenia: The story of an american fact finding mission and its effects on Turkish-American relations, April 2021, դոկտորականի աւարտաճառին, ներկայացուած Արդի թրքական պատմութեան Աթաթուրք հիմնարկին, որ ետքը հրատարակուած է թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Շրջելով եղելութիւնը՝ Աքար կ՛ըսէ, թէ Հարպորտ առաքելութիւնը գաղտնի տեղեկագրեր ունէր, որ չէ հրապարակուած, որոնց միտք բանին՝ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելն էր… Այսինքն սո՞ւտ խօսիլ, ուրանա՞լ հայոց ցեղասպանութիւնը:

            Շատ ծիծաղելի է այս սուտը, քանի որ Հարպորտի տեղեկագիրին պայմաններէն էր նոյնիսկ ստանձնել Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը, որպէսզի Օսմանեան կայսրութեան պարտքերն ու պատերազմին հատուցումները կատարուին, եւ` արգիլել Թուրքիոյ նոյնի՛սկ դեսպաններ ունենալ, 50 հազարէ աւելի բանակ չունենալ եւ այլ պայմաններ, որոնք պարտուած Թուրքիան ենթակայ պիտի դարձնէին Անթանթին եւ հոգատարին, որուն թեկնածուն էր Ամերիկան:

           Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն 24 ապրիլ 2021-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, անկէ քանի մը օր առաջ ան տեղեակ պահած էր իր որոշումին մասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: Ուրեմն 21 ապրիլ 2021-ին Հուլուսի Աքար «Զօրավար Հարպորտէն դասեր», «Lessons From General Harbord» խորագիրով ժխտողական յօդուած մը հրապարակած է, որուն մէջ թրքական սովորական դարձած Ցեղասպանութեան ուրացումի տուեալները կը նշէ, որոնց մէջ յիմարօրէն նաեւ Հարպորտի տեղեկագիրը իբրեւ «փաստ» կը ներկայացնէ…

           Աքարին այս յօդուածին եւ Ռոզան Հորսուիլին կը պատասխանէ «Ամերիկայի Ձայն»-ի Փոլիկրաֆ Ինֆօ Polygraph.info կայքէջը: Փոլիկրաֆը այն ելեկտրոնային սարքն է, որ սուտեր կը բացայայտէ: Այսպէս, 27 ապրիլ 2021-ին «Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը հայերու զանգուածային սպանդը, որ Պայտըն «ցեղասպանութիւն» կոչեց» Turkish Defense Minister Distorts History of Mass Armenian Deaths That Biden Called «Genocide» (4) խորագիրով յօդուած մը գրած է Ֆաթիմա Թլիս, որ կ՛արժէ լրիւ թարգմանել, սակայն այժմ պիտի բաւարարուիմ Հարպորտի տեղեկագիրէն առնուած հատուածէն, ուր ան կը վկայէ.

          «Սակայն Հարպորտի տեղեկագիրը կը նշէր հարիւր հազարաւորներու տեղահանումներու եւ սպանութիւններու մասին` նշելով, որ հայերը թիրախ դարձած են իրենց ազգութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին համար»: Ու տեղեկագիրէն կը մէջբերէ.

          «1895-ին զոհուած է 100 հազար հայ: 1908-ին Վանի, իսկ 1909-ին Ատանայի եւ Կիլիկիոյ այլ վայրերու մէջ սպաննուած են աւելի քան 30 հազար հայեր: Այս ողբերգութիւններէն վերջինն ու ամենամեծը եղաւ 1915-ին: Պահպանողական գնահատումով, ասիական Թուրքիոյ հայերուն թիւը 1914-ին կը գերազանցէր մէկ ու կէս միլիոնը, թէեւ ոմանք թիւը աւելի բարձր կը գնահատեն:

            «1915-ի գարնան յստակ ու համակարգուած կերպով կազմակերպուեցան հայերու ջարդեր եւ տեղահանութիւններ, զինուորները քաղաքէ քաղաք կը գործադրէին հրամանը: Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական հաշուետուութիւնը ցոյց կու տայ, որ մէկ միլիոն հարիւր հազար հայ արտաքսուած է (իր բնակավայրերէն*):

          «Երիտասարդները նախ կը կանչուէին իւրաքանչիւր գիւղի կառավարութեան շէնքը, ապա զանոնք թափօրով գիւղէն դուրս կը հանէին ու կը սպաննէին: Կիներ, ծերունիներն ու երեխաները քանի մը օր ետք հետիոտն աքսորուեցան դէպի այն վայրերը, որ Թալէաթ փաշան կ՛անուանէր «գիւղատնտեսական գաղութներ»` Հայաստանի բարձր, զով, օդասուն սարահարթէն դէպի Եփրատի մալարիա համաճարակով վարակուած տափաստաններն ու Սուրիոյ եւ Արաբիոյ կիզիչ անապատները:

            «Հայ ազգը մեծաքանակ ոչնչացնելու այս ոճիրէն մահացածները, տարբեր գնահատականներով, կէս միլիոնէն մինչեւ աւելի քան մէկ միլիոն է, ընդհանրապէս` շուրջ 8 հարիւր հազար:

          «Հետիոտն, ամրան սաստիկ արեւին տակ, կողոպտուած` իրենց հագուստէն եւ անձնական իրերէն, որ կը կրէին, սուիններով կը խթանուէին, եթէ դանդաղէին. սովէն, տիֆէն եւ թանչախտէն հազարաւոր մեռեալներ ինկան ճամբուն կողքին:

            «Ճաշաբաժինը երկու օրը անգամ մը կէս քիլօ հաց էր, որ շատեր չէին ստանար, իսկ ժամանակ մը ետք երկարած ձեռքի ափին ամէն օր կերակուրի փոքր սրսկում մը միակ սնունդն էր: Շատերը մահացան ծարաւէն կամ սպաննուեցան, երբ կը փորձէին իրենց ծարաւը յագեցնել հոսող առուակներ անցնելու ժամանակ:

           «Զեկոյցը կը շարունակէ նկարագրել հայ երիտասարդ աղջիկներու վաճառքը եւ այլ բռնութիւններ: Հայ ցեղասպանագէտները` իբրեւ ցեղասպանութեան ապացոյց, կը նշեն նաեւ Հարպորտի տեղեկագիրը (5), կ՛ըսէ Ֆաթիմա Թլիս»: Այն ժամանակուան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադառնալով այս յօդուածին` գրած է. «Բառերը չեն կրնար փոխել կամ վերստին գրել պատմութիւնը»: Ոչինչ պիտի սորվինք մեր անցեալին մասին` ոեւէ մէկէն: Քաղաքական պատեհապաշտութիւնը ամենամեծ դաւաճանութիւնն է խաղաղութեան եւ արդարութեան: Լրիւ կը մերժենք այս յայտարարութիւնը, որ հիմնուած է մի՛այն ժողովրդականութիւն շահելու համար»: Իր այս խօսքերը ուրեմն կարելի է ուղղել նաեւ` իրեն, Աքարին եւ Էրտողանին:

5. Հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն Զ.-ի Փարիզի Սենթ Ուէն պալատը,
որ Ֆրանսայի Շարլ Զ. թագաւորը նուիրեց:
6. Լեւոն Զ.-ի շիրիմը Սելեսթին վանքին մէջ, Փարիզ, այժմ Սէնթ Տէնիզ վանքին մէջ:

            Վերադառնալով Հարպորտի առաքելութեան` կ՛արժէ կարդալ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, նոյեմբեր 1940-էն մայիս 1941 յաջորդական թիւերուն մէջ, առաքելութեան անդամներէն տեղակալ Յարութիւն Խաչատուրեանին յուշերը (6), որմէ կը քաղեմ հետեւեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները.

Ա.- Հարպորտի տեղեկագիրին սկիզբը յատկացուած է շատ ամփոփ հայոց պատմութեան, ուր ինծի համար նորութիւն մը կը նշուի, որ հայոց վերջին թագաւորը` Լեւոն Զ., Ֆրանսա աքսորուելէն ետք, 1386-ին Պուլոնըի մօտ իր հովանաւորութեամբ խաղաղութեան խորհրդաժողովին է, որ վերջ գտած է Ֆրանսա-Անգլիա 100 տարուան պատերազմը, էջ 5:     

Բ.- Խաչատուրեան կը նշէ, որ Հարպորտը եւ պատուիրակութեան անդամներ այցելած են Լեւոն Զ.-ի շիրիմը 13 օգոստոս 1919-ին, Փարիզի Սենթ Տենիզ Արքայական գերեզմանատան մէջ (պազիլիքին մէջ*):

Գ.- «Մարթա Ուաշինկթըն» նաւը, որ Նիւ Եորքէն Պոլիս բերաւ պատուիրակութիւնը, օժտուած էր բացառիկ ճոխ գրադարանով մը, որուն աւելցաւ«Հայերու, Հայաստանի եւ հայկական խնդիրին մասին հրատարակուած բոլոր գիրքերը, որ կարելի էր գնել Փարիզի մէջ: Խաղաղութեան համաժողովին մէջ խնդրոյ վերաբերեալ բոլոր հրատարակութիւններն ու գաղտնի տեղեկագրերու օրինակները առնուեցան: Նոյնիսկ այսօր չեմ կարծեր, թէ ըլլայ հայ հաստատութիւն մը, որ ունենայ այնքան ճոխ գրութիւններ Հայաստանի մասին, որքան` «Մարթա Ուաշինկթըն»-ի գրադարանը:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 մարտ 2024

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:  

1. https://cdr.lib.unc.edu/downloads/1v53k7797

2. https://www.aztagdaily.com/archives/609046

3. https://www.aztagdaily.com/archives/605790

4. https://www.polygraph.info/a/fact-check-turkey-armenian-genocide/6742926.html

5. https://www.armenian-genocide.org/Education.56/current_category.117/resourceguide_detail.html

6. «Հայրենիք» ամսագիր, 19-րդ տարի, թիւ 1, նոյեմբեր 1940, էջ 119-130:

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started