Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին` Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան կատարած Ոճիրները

Նախորդիւ տեսանք «Հարպորտ առաքելութեան» լրջագոյն եւ արժանավայել վարմունքը, երբ Հարպորտի շքախումբը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց պետականութեան վերջին ներկայացուցիչին` Լեւոն Զ. Թագաւորին (1342-1393) շիրիմը այցելելով, Փարիզի մէջ: Այս արարքը քաղաքական կեցուածք մըն էր, որ կը մատնանշէր Կիլիկիոյ հայկական ըլլալը եւ, առ այդ, հայոց թագաւորութեան փաստը, եւ որ` Կիլիկիան նաեւ իր «Առաքելութիւն դէպի Հայաստան»-ին մաս կը կազմէր (1): Հիմնականը ճշմարիտ պատմութեան ապաւինելու կեցուածքն է եւ այդ հողերուն հայկական ըլլալու հաստատումը:

1.Առաքելութեան ապրանքները նաւահանգիստի մը մէջ: 2. Առաքելութեան ինքնաշարժներէն մէկը անյարմար ճամբու մը վրայ՝ Եփրատ գետին մօտ:

Հարպորտ իր տեղեկագիրին երկրորդ պարբերութեան մէջ կը նշէ իրեն տրուած հրահանգը. «Անմիջապէս կառավարական նաւով մը երթալ Կոստանդնուպոլիս, Պաթում եւ այլ վայրեր՝ Հայաստանի, Ռուսական Անդրկովկասի եւ Սուրիոյ մէջ, որ ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ կատարել ձեզ հետ արդէն քննարկուած հրահանգները: Կը պահանջուի, որ դուք ուսումնասիրէք եւ տեղեկագիր պատրաստէք՝ քաղաքական, ռազմական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլն, որոնց մէջ՝ ամերիկեան հնարաւոր շահերու եւ պարտականութիւններու կարելիութիւններու հետ կապուած նկատառումները»։ Ինչպէս յստակ է, «Անատոլու» եզրը բնաւ գործածուած չէ, այլ՝ Հայաստան:

Ապա տեղեկագիրին երրորդ պարբերութեան մէջ իսկ գրուած է. «Առաքելութիւնը հասաւ (Նիւ Եորքէն Պրեսթ*) Փարիզ նաւով, ապա Կոստանդնուպոլիս (2 սեպտեմբեր 1919-ին*), անկէ՝ Պաղտատ երկաթուղիով Ատանա՝ Միջերկրականի հիւսիսային ափին մօտ, հարուստ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքը, ուր 1909-ին տեղի ունեցաւ (հայերու*) ջարդը ապա երկու օր Թարսուս, Այաս եւ Մերսին, անկէ՝ երկաթուղիով Հալէպ եւ Մարտին, ուրկէ ինքնաշարժով Տիարպէքիր՝ Տիգրանակերտ, Խարբերդ, Մալաթիա, Սվազ՝ Սեբաստիա, Երզնկա, Էրզրում՝ Կարին, Կարս, Երեւան եւ Թիֆլիս, վերջապէս երկաթուղիով Պաքու եւ Պաթում, որ նստավայրն է անգլիական համանուն զինուորական կառավարութեան (դեկտեմբեր 1918-էն յուլիս 1920*):

«Առաքելութեան անդամները նաեւ կառքով Ուլա-Քիշլայէն մեկնեցան Սեբաստիա, ապա Սամսոն, այցելելով Մարզուան, ուր այս պահուս հայ բնակչութիւնը մեծ մտավախութեան մէջ է: Տրապիզոնէն Կարին, Խորասանէն Բասեն, Պայազիտ եւ Երեւանէն Նախիջեւան՝ մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը ձիով:

3. Հարպորտ վարչապետ Խատիսեանի ընկերակցութեամբ Երեւանի մէջ: Առջեւը, ձախէն երկրորդը Հարպորտ, Խատիսեան եւ Յարութիւն Խաչատուրեան: 4. Հարպորտ առաքելութեան անդամներով Էջմիածինի մէջ Մեսրոպ եպիսկոպոս Տէր Մովսէսեանի հետ, աջին՝ Յարութիւն Խաչատուրեան:

«Հայոց կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գէորգ Ե. վեհափառ հայրապետին այցելեցինք Էջմիածին` Հայոց եկեղեցւոյ պատմական նստավայրը` իր հնագոյն տաճարով, որ կառուցուած է 301-ին: Առաքելութիւնը շրջած է Փոքր Ասիան իր ամբողջ երկարութեամբ եւ Անդրկովկասը` հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք: Այցելեցինք թրքական (Արեւմտեան*) Հայաստանի բոլոր վիլայէթները` նահանգները, բացի Վանէն եւ Պիթլիսէն, ժամանակ խնայելու համար, քանի որ բանակի հարիւրապետ Նայլզը (Captain Emory H. Niles and mr. Arthur E. Sutherland 3 յուլիսէն 12 օգոստոս 1919*) (2) արդէն օգոստոսին ձիով այցելած էր այդ նահանգները, որուն տեղեկագիրը կը հաստատէ հարեւան շրջաններուն մէջ մեր դիտարկումները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան երկու մարզերուն (Երեւան եւ Կարս*) եւ Ազրպէյճանի ու Վրաստանի Հանրապետութիւններուն մէջ:

«Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստան՝ թրքական սահմանին զուգահեռ, ճամբորդեցինք։ Պաթումէն վերադարձին, առաքելութիւնը այցելեց Սամսոն՝ աշխարհի մեծագոյն ծխախոտային շրջաններէն մէկուն նաւահանգիստը եւ Տրապիզոն, որ գլխաւոր նաւահանգիստն է Սեւ ծովի հարաւային ափին, դէպի Պարսկաստան տանող հնագոյն կարաւանի ուղիին վերջին կայանը, ուր 2300 տարի առաջ Քսենոֆոնի հրամանատարութեամբ 10 հազար հաշուող յոյն բանակը հասած էր»:

Այստեղ հարկ է նշել Հարպորտի տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ յանցագործութեան եւ անմարդկային վայրենի վարքագիծին կարեւորագոյն փաստերէն մէկը, որ անտեսած են նախորդ յօդուածիս մէջ պատմութիւնը կեղծողներ՝ Հուլուսի Աքարը եւ Ռոզան Հորսուիլը, նաեւ «Ամերիկայի ձայն»-ը, որ կը հակադարձէր Հուլուսի Աքարի ժխտողական յօդուածին, Օսմանեան կայսրութեան վարչապետ Տամատ Ֆերիտ փաշային հետեւեալ վկայութիւնն է իրենց՝ թուրքերուն մասին, Փարիզի խորհրդաժողովին առջեւ, եւ ապա՝ խորհրդաժողովին հաստատումը Թուրքիոյ այս վարքագիծին մասին, որ շրջանակի մէջ պէտք է առնուի եւ ցուցադրուի ամէն տեղ՝ Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ մանաւանդ Հայաստանի եւ այլ կառավարութիւններու գրասենեակներուն մէջ:

«Թրքական կայսրութեան դատը պատշաճ կերպով ներկայացուած է 17 յունիսին (1919) Փարիզի մէջ կայացած խաղաղութեան խորհրդաժողովին, Թուրքիոյ ներկայացուցիչ՝ մեծ վեզիր (վարչապետ*) Տամատ Ֆերիտ փաշայի կողմէ, ուր ան ԸՆԴՈՒՆԵՑ քննարկուող (հայկական*) դժբախտ շրջանին մէջ թրքական կառավարութեան գործադրած յանցանքները. «Ոճիրները այնպիսին էին, որ մարդկութեան խիղճը սարսափէն յաւիտեանս պիտի սարսռայ», եւ որ «Փոքր Ասիան այսօր ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ աւերակներու հսկայական կոյտ մը»: Ասոնք Թուրքիոյ վարչապետին իսկ խոստովանութիւններն են:

5. Հարպորտի տեղեկագիրին եզրակացութեան 11-րդ էջին մէջ՝ Թուրքիոյ վարչապետ Տամատ Ֆերիտ փաշան կը խոստովանի Թուրք կառավարութեան ոճիրները, որոնք այնպիսին էին, որ մարդկութեան խիղճը սարսափէն յաւիտեանս պիտի սարսռայ» կ՚ըսէ ան:

«Խաղաղութեան խորհրդաժողովին տասը հոգիէ բաղկացած խորհուրդին պատասխանը հետեւեալն էր (Թուրքիոյ*) վարչապետին աղերսանքին, որ իրենց կայսրութիւնը շարունակէ մնալ, եւ թէ՝ այն հաւանականութիւնը, որ այդ կառավարութիւնը, իբր թէ պիտի կարենայ ներքին բարեփոխումներ իրականացնել, որոնք կը գոհացնեն ժամանակակից պահանջները, եւ որ` հատուցումներ պիտի կատարէ անցեալի յանցանքներուն եւ ոճիրներուն համար՝ լաւ կշռադատուած է հետեւեալ բառերով.

6. Փարիզի խորհրդաժողովին անդամ Անթանթին 10 պետութիւններուն մերժող պատասխանը Թուրքիոյ վարչապետին աղերսանքին, այն պատճառով, որ, ուր որ թուրքը տիրապետած է՝ մի՛այն քանդած է, իսկ անկէ ազատագրուողները՝ բարգաւաճած են:

«Սակայն, այս բոլոր փոփոխութիւններուն մէջ, յայտնաբերուած չէ որեւէ պարագայ՝ ո՛չ Եւրոպայի մէջ, ո՛չ Ասիոյ կամ Ափրիկէի, ուր որեւէ երկրի մէջ թրքական տիրապետութեան հաստատումին չյաջորդեն այդ երկրին բարգաւաճման անկումը։ Չկայ նաեւ որեւէ պարագայ, ուր թրքական տիրապետութենէն դուրս գալէն ետք տեղի չունենայ տնտեսական բարգաւաճում եւ մշակութային վերելք: Ո՛չ Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու, ո՛չ ալ Սուրիոյ, Արաբիոյ կամ Ափրիկէի իսլամներուն մէջ թուրքը երբե՛ք ուրիշ բան չէ ըրած, քան քանդած է, ուր որ յաղթած է: Ան երբե՛ք ցոյց չէ տուած, որ ի վիճակի է խաղաղ պայմաններու մէջ զարգացնել այն, ինչ որ ձեռք բերած է պատերազմի մէջ, այս բնագաւառին մէջ չեն անոր տաղանդները»:

Ահա՝ պատերազմը յաղթած Անթանթին եզրակացութիւնը եւ թուրքիոյ քանդիչ ու դաժան, անքաղաքակիրթ վարքագիծին մասին անոր բնորոշումը: Այս բոլորը Փարիզի խորհրդաժողովին մէջ, լաւ գիտնալով եւ գրաւոր խոստովանելով հանդերձ, վերջաւորութեան՝ չորս տարի ետք, 1923-ին՝ Անգլիան, Ֆրանսան ուղղակի, եւ անուղղակիօրէն Ամերիկան նաեւ, ուղղակիօրէն՝ այժմ պոլշեւիկ դարձած Ռուսիան գոհացում տուին պարտուած Թուրքիոյ, վերականգնելու համար նոյնհէս դաժան պետութիւն մը եւ շարունակելու համար հայերը ոչնչացնելու իրենց նպատակ-ծրագիրը:

Պոլշեւիկ Ռուսիան ո՛չ միայն դաշնակից դարձաւ քեմալական նոր Թուրքիոյ, այլ հայու արիւնով ազատագրուած Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները Արարատ լեռով եւ Անիով նուէր տուաւ Թուրքիոյ, Ջաւախքը Վրաստանի, իսկ Արցախն ու Նախիջեւանը՝ յանձնեց Ազրպէյճանի հոգատարութեան:
(Շարունակելի)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
22 մարտ 2024

*Լուսաբանութիւնները հեղինակին

1. https://www.aztagdaily.com/archives/610183

2. Երբե՛ք կարելի չէ բաղդատել Նայլզի երկանդամ պատուիրակութեան «փաստահաւաքը» Հարպորտի 53 անդամ պատուիրակութեան հետ, քանի որ Նայլզի ուղեւորութիւնը միշտ թրքական բանակին եւ ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ կատարուած է եւ ան թրքական թէզը կը մատնանշէ, որպէս թէ՝ հայերը կոտորածէն ու աքսորէն վերադառնալէն ետք, իբրեւ փոխ վրէժ իրենք ալ ոչ հայերու նկատմամբ թուրքերու նման վայրագութիւններ կատարած են եւ գիւղեր բնաջնջած: Նայլզին այս 15 էջ տեղեկագիրը կը շահարկուի թուրք ժխտողականներուն կողմէ: Թէեւ Նայլզ կը նշէ, որ «Շատ մը տրուած թիւերը վստահելի չեն, մանաւանդ պատերազմէն առաջ հայերուն թիւը…» Երկրորդ՝ Նայլզի թարգմանը ամերիկացի չէր, այլ՝ տեղացի թուրք մը, որ դժուարաւ ապահովեց…

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started