Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները, 1919-ին

Անհրաժեշտ է շեշտել, որ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը Հայ Դատին՝ Արեւմտահայաստանի վերականգնման համար մնայուն եւ այժմէական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ, որուն փաստերէն երկուքը տեսանք նախավերջին յօդուածիս մէջ (1), ուր թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը փորձած էր անյաջող կերպով խեղաթիւրել զայն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորական մը անհատական՝անպաշտօն կերպով, իրենց դոկտորականի թէզերով, որպէսզի արժեզրկեն Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը:

            Այս նիւթը սակայն, մինչեւ վերջերս ալ, ըստ արժանւոյն կ՚արծարծուի պաշտօնական մակարդակով՝ Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ. օրինակ՝ իր Dvids կայքէջին մէջ, Միացեալ Նահանգներու բանակի հետախուզական գերազանցութեան կեդրոնի՝ U.S. Army Intelligence Center of Excellence պատմաբան՝ դոկտ. Էրին Թամսընի՝ Erin E. Thompson, USAICoE Staff  Historian, 13 հոկտեմբեր 2023-ի. «Զօրավար Հարպորտ Հայաստանի առաքելութեան տեղեկագիրը կը յանձնէ (16 հոկտեմբեր 1919)» խորագիրով յօդուածը՝ հայերու տեղահանութեան նկարով (2), ստորեւ՝ նկար 2: Ինչո՞ւ թուրքը կը սարսափի Հարպորտէն, քանի որ ան կը ներկայացնէ ամերիկացի 53 մասնագէտներու թարմ, անմիջական ու տեղւոյն վրայ կատարած քննութեան անաչառ վկայութիւնը՝ հայկական նահանգներուն մէջ կատարուած ցեղասպանութեան եւ իրավիճակին:

            Դժբախտաբար շատ քիչ են այս խիստ կարեւոր նիւթով հայերէն լեզուով անդրադարձները եւ յօդուածները: Պէտք է նշել, որ Հարպորտի առաքելութեան ակնարկող 15 յօդուածներ գրած եմ «Ազդակ»-ին մէջ, որոնց ամբողջականը՝ «Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Ա. (3) եւ Բ. (4): Ինչպէս նաեւ, պատրաստած եմ Հարպորտի Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն էջը (5): Արեւելահայերէն էջը՝ «Հարբորդի առաքելություն» (6), յօդուածի մը վայել շարադրական ձեւը չունի, այլ շատ ամփոփ ու տեղեկութիւններով խճողուած կոյտ մըն է, որմէ կը պակսին կարեւոր նիւթեր: Քանի որ արեւելահայերէն գրելու ունակ չեմ, կ՚առաջարկեմ, որ Ուիքիփետիայի արեւելահայերէն գիտցող խմբագիր մը արեւմտահայերէն էջին հետեւողութեամբ, որ ամբողջական է եւ համադրուած, արեւելահայերէնի վերածէ զայն:

        Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն իրագործումներէն է, իսկ միջազգային իրաւական առումով` կարեւորագոյնը: Պէտք է իւրացնենք, յիշենք, յիշեցնենք եւ իրագործումը պահանջենք:

            Նախորդիւ նշուած առաքելութեան ընդհանուր նկարագրականէն ետք, Հարպորտ այսպէս կը շարունակէ իր ամփոփ տեղեկագիրը՝ էջ 4.

            «Քաղաքակիրթ աշխարհին հետաքրքրութիւնը, սարսափն ու համակրանքը այնքան կեդրոնացած են Հայաստանի վրայ, եւ այս առաքելութեան նպատակին ու աշխատանքին կիզակէտը այնքան կեդրոնացած է արիւնով թաթխուած այդ տարածաշրջանին եւ քրիստոնեայ բնակչութեան ողբերգական մնացորդին վրայ, որ այս տեղեկագիրը բնականաբար պէտք է բաժնել հետեւեալ գլուխներուն.

Ա. Հայ ժողովուրդին պատմութիւնն ու ներկայ վիճակը:

Բ.  Քաղաքական իրավիճակը եւ վերակազմակերպման առաջարկներ:

Գ.  Հովանաւորութեան մը պարագային՝ պայմաններն ու խնդիրները:

Դ.  Հովանաւորութիւն ստանձնելու թեր ու դէմ նկատառութիւններ»:

          Այս գլուխներէն հատուածներ կը ներկայացնեմ ստորեւ.

1. Մեծն Տիգրանի կայսրութիւնը՝ «Ծովէ ծով» Հայաստանը (7):  2. Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան Dvids կայքէջին մէջ, Էրին Թամսընի 13 հոկտեմբեր 2023-ի յօդուածին նկարը՝  «Զօրավար Հարպորտ Հայաստանի առաքելութեան տեղեկագիրը կը յանձնէ (16 հոկտեմբեր 1919)»: Նկարին տակ՝ «Հայեր, քաղաքի մը հրապարակին մէջ տեղահանութեան կը սպասեն: Կը հաղորդուի, որ անոնք քաղաքէն դուրս սպաննուած են» (2):

            «Հայերուն երկիրը ծովի մակարդակէն 3000-էն 8000 ոտնաչափ (914-2438 մեթր*)  բարձրութեան վրայ գտնուող խորտուբորտ մեծ հարթավայրն է, որուն գերիշխող գագաթն է Արարատ լեռը: Պատմականօրէն Հայաստանը տարածուած է Միջերկրական, Կասպից եւ Սեւ ծովերու ափերուն միջեւ։ Հետագային կրճատուած է մինչեւ շուրջ 140,000 քառակուսի մղոն (362,600 քառ. քմ) տարածքի, որ մօտաւորապէս Մոնթանա նահանգին չափ է, առանց քաղաքական ինքնութեան, սակայն 1914-ին գոյութիւն ունէր երկու մասով՝ արեւելեան մասը (Արեւելահայաստան*) կը հպատակէր Ռուսիոյ, որ կը բաղկանար Կարս եւ Երեւան նահանգներէն, եւ որոշ հատուածներ Ազրպէյճանի այժմու (1919*) տարածքէն: Մնացեալը՝ թրքական Հայաստանն է (Արեւմտահայաստան*) բաղկացած Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի, Տիարպեքիրի, Խարբերդի եւ Կիլիկիոյ նահանգներէն, թէեւ հայերը քիչ թէ շատ տարածուած էին ամբողջ Անդրկովկասի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ։

            «Հայաստանը, բացի Յունաստանէն եւ Հռոմէն՝ արդէն կազմակերպուած ազգ էր Եւրոպայէն հազար տարի առաջ:

            «Պարսիկները, պարթեւները, սարակինոսները (արաբական ցեղ՝ saracen*), թաթարները եւ թուրքերը հայկական եկեղեցիէն իրենց թիւին համեմատ աւելի շատ նահատակներ խլած են, քան որեւէ այլ ազգէ: Վերջին հայկական թագաւորութիւնը տապալեցաւ (1375-ին*) Եգիպտոսի (Մեմլուք*) սուլթանին կողմէ՝ օսման Մուհամմէտ Բ.-ի կողմէ 1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն եօթանասունութ տարի առաջ։ Այդ ժամանակէն մինչեւ այսօր, անոնց նահատակութեան պատմութիւնը շարունակական է։ Պարսկական, հռոմէական եւ բիւզանդական տիրապետութեան տակ հայը կը գտնուէր արիական ցեղակիցներու լուծին տակ, ուր բռնակալութիւնը մեղմացած էր մասնակի ինքնավարութեամբ։ Նոյնի՛սկ Սարակինոսները, որոնք ցեղային ծայրայեղ տեսակ մը ըլլալով հանդերձ, կարելի եղած էր անոնց հետ փոխադարձ հասկացողութեամբ ապրիլ: Թուրքերը, սակայն, որուն զոհը դարձած են (հայերը*) այժմ, Կեդրոնական Ասիայէն եկած ասպատակիչ քոչւորներ էին: Անոնց գործողութիւններուն հիմնական աղբիւրները թալանն էին, սպանութիւնները եւ ստրկացումը, անոնց միջոցները՝ սուրն ու աղեղը։

3. Հարպորտ առաքելութեան 44 էջ ամփոփ տեղեկագիրը:  4. Ցուցատախտակ 1՝ բնակչութիւնը եւ տնտեսական աղբիւրները Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին, Փոքր Ասիոյ, Կովկասի եւ վարի 5 տողերը՝ թրքական Հայաստանի:

            «Ժամանակը, (հայուն*) խառնուածքն ու տաղանդը ի վերջոյ տիրապետեց արդիւնաբերութեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ, ու հայուն ձեռքը անցաւ Օսմանեան կայսրութեան մտաւորական եւ վարչական աշխատանքներուն մեծ մասը»:

          «Գիւղերը աւերակ են, ոմանք՝ երբ հայերը փախչեցան, կամ տեղահանուեցան, ուրիշներ՝ ռուսական յառաջխաղացման ժամանակ, ոմանք ալ կայսրութեան անկումէն ետք, հայ կամաւորներու եւ ռուսերու նահանջին ընթացքին։ Պատերազմի մասնակցած թուրք գիւղացիներուն հազիւ քսան տոկոսը վերադարձած է (այսինքն 80 տոկոսը պատերազմին մէջ մեռած են*)։ Շատ նկատելի է քսանէն երեսունհինգ տարեկան մարդոց բացակայութիւնը։ Վեց հարիւր հազար թուրք զինուոր մահացած է միա՛յն բծաւոր տենդէն (typhus), անբաւարար բժշկական սպասարկումը եւ սնունդի մատակարարման բացարձակ աղքատութիւնը մեծապէս աւելցուցած են մահացութեան ցուցակները»։

          Ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրքեր եւ պետական գործիչներ՝ նախագահ Էրտողանի նման, իբրեւ ցեղասպանութեան անտեղի ու բոլորովին անկապ արդարացում, յաճախ կը կրկնեն. «Պատերազմ էր եւ մեծ թիւով թուրքեր ալ մեռան…», հապա պիտի չմեռնէի՞ն… միշտ մոռնալով, որ թուրքը ի՛նք սկսաւ պատերազմը եւ պարտուեցաւ, յատկապէս՝ իր անճարակութեան ալ պատճառով, մի՛այն հիւանդութենէն ու անօթութենէն՝ 600 հազար թուրք զինուոր մահացած է: Իսկ հայերը՝ խաղաղ բնակիչներ էին, որոնք պետական որոշումով կազմակերպուած ոչնչացման ենթարկուեցան, մինչ թուրքերը՝ զինուորներ էին:

            Անօթութեան եւ սովի պատճառներէն մէկն ալ, հեգնօրէն, հայերու տեղահանութիւնն ու ոչնչացումն էր. «Շատ մը հազարաւոր (տարագիր հայ*) մարդիկ մահացան ուժասպառութենէ, հիւանդութենէ եւ անօթութենէ, որոնք մնացին ճամբաներու եզերքին` յօշոտուելու համար գազաններէ եւ գիշատիչ թռչուններէ: Այս ժողովուրդէն միայն փոքր տոկոս մը ողջ մնաց, վերապրեցաւ… (Թուրքիոյ մէջ) հացի սակաւութեան պատճառը հայերուն տեղահանութիւնն էր, քանի որ անոնք էին գլխաւոր հացահատիկ արտադրողները» կը կը վկայէ Ռոպերթ գոլէճի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր եւ կաճառի պետ, ամերիկացի Լին Ա. Սքիփիօ (Lynn A. Scipio 1876-1963) «Իմ երեսուն տարիներս Թուրքիոյ մէջ (1912-1943)» գիրքին մէջ (8):

            Այստեղ այլ եզրակացութեան մը կարելի է յանգիլ, որ Հարպորտ անուղղակի կերպով քանի մը անգամ կը հաստատէ, որ հայկական հողերը ժողովուրդէ դատարկուած էր, հայերը ցեղասպանութեան պատճառով, իսկ թուրքերը՝ իբրեւ զինուոր, պատերազմին պատճառով: «Ամէն տեղ ամայի էր…» կը կրկնուի տեղեկագիրին մէջ: Ուստի, Արեւմտեան Հայաստանի վերականգնումը բնակչութենէ դատարկուած երկրին մէջ, գործնապէս կարելի էր: Կարեւոր հաստատում մը, որ կը փորձուի խեղաթիւրել, նոյնի՛սկ կարգ մը անգէտ հայերու կողմէ: Այլ խօսքով, պատերազմէն ետք Վերականգնուած Հայաստանի սահմաններուն մէջ 4-էն 4.5 միլիոն բնակչութեան 3 միլիոնէն աւելին պիտի ըլլան հայերը» կը հաստատեն քոնկրեսականներ, քաղաքական գործիչներ, Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներն ու ամենէն հեղինակաւոր 250 քոլէճներու եւ համալսարաններու նախագահները մարտ 1919-ին (10):

          «Ռուսական Հայաստանի մէջ մեր առաքելութեան վրայ կրակեցին քիւրտերը եւ քանի մը փոխադրակառքեր փամփուշտէ վնասուեցան, եւ մեր կէսէն աւելին մէկ գիշեր գերի մնացին իսլամներու կողմէ, որոնք կը պնդէին, որ իրենց գիւղերէն վտարած են հայերը: Ազրպէյճանի մէջ ալ մեր վրայ կրակեցին էջ 9:

          Հետաքրքրական է վրացիներուն մասին հետեւեալը. «Վրացիները, որոնց եկեղեցին Ռուսականէն հին է, եւ հայկական ծագում ունեցող վրացական թագաւորութեան աւանդութիւնները, որոնք հազար տարի կ՚իշխէին Թիֆլիսի մէջ, մինչեւ 1802 Ռուսիոյ գրաւելը, շատ հպարտ եւ ընդունելի ազգ են»: Ապա կը շարունակէ, թէ՝ վրացիները եւ ազերիները շատ աւելի օգտուեցան ռուսական յեղափոխութեան պատճառով ռուսերուն լքած աւարէն՝ ռազմական, գումակային, նիւթական, պարէնային, հաղորդակցութեան եւ այլ դրութիւններուն տիրանալով, իբրեւ իրենցը, մինչ Հայաստանը՝ նուազագոյն օգտուողը եղաւ. էջ 12:

          «Հետեւաբար, բնական է, որ ինչ կը վերաբերի հայերուն, ապա թուրքը իր ոճրային արիւնարբու առիթը ունեցած է արդէն, եւ հետագայ յաւելեալ ոճրային անզսպելի հնարաւորութենէն պիտի զրկուի: Կոստանդնուպոլսոյ ապագայ կառավարութեան հետ որեւէ համաձայնութեան պարագային, հնարաւոր է, որ կարգ մը պետութիւններ փորձութիւնը ունենան՝ իրենց համար շահեր ապահովելու քաղաքականութիւն վարելով Թուրքիան սիրաշահելու եւ անոնց յանցանքներուն աչք գոցելու: Պէտք է (Թուրքիոյ վրայ*) իսկական հսկողութիւն պարտադրուի, քանի որ պատասխանատուութիւն՝ առանց հեղինակութեան, անօգուտ ըլլալէն աւելի վատ է, արեւելեան տեսակէտներու երկրի մը մէջ». էջ 12:

            Հարպորտի այս մտավախութիւնը դժբախտաբար իրականացաւ եւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող երկու «թշնամիները»՝ Անգլիան եւ պոլշեւիկ դարձած Ռուսիան, եւ անուղղակիօրէն՝ Ֆրանսան դաւաճանեցին հայութեան ու քաղաքակրթութեան եւ զօրաւիգ կանգնեցան Աթաթուրքի «նոր» Թուրքիոյ, որպէսզի հայերու բնաջնջումը անխափան շարունակուի…

(շարունակելի)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

7 ապրիլ 2024

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին:

1. https://www.aztagdaily.com/archives/610183

2. https://www.dvidshub.net/news/455770/gen-harbord-submits-report-armenia-mission-16-oct-1919

3. https://www.aztagdaily.com/archives/359654

4. https://www.aztagdaily.com/archives/359818

5. https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հարպորտ_Առաքելութիւն

6. https://hy.wikipedia.org/wiki/Հարբորդի_առաքելություն

7. https://www.worldhistory.org/image/8167/empire-of-tigranes-the-great/

8. «My Thirty Years In Turkey», Lynn A. Scipio, Richard R. Smith Publisher, Inc, Ringe, New Hampshire 1955, Library of Congress Catalog Card Number: 55-9048

9. https://babel.hathitrust.org/cgi/pt?id=njp.32101054844442&seq=1

10. https://www.aztagdaily.com/archives/605790

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started