«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին նախաբանը, բովանդակութիւնը եւ կարգ մը էջեր

Նախաբան Փոքր տարիքէս Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ անոր կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը իմ նախընտրած գոյներս եղած են։ Իմ որեւէ տեսակի գծագրութեան մէջ , եռագոյնը անպայման կ՚երեւէր: Երբ ՀՄԸՄ- ի սկաուտ դարձայ, արդէն շաբաթական դրութեամբ դրօշակի արարողութիւն կը կատարէինք, եւ եռագոյն դրօշակը մեր սրբութիւնը դարձած էր`հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշը:             1958-ին, ուրախալի օրContinue reading “«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին նախաբանը, բովանդակութիւնը եւ կարգ մը էջեր”

Լոյս Տեսաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Եւ Սեւրի Դաշնագիրը», Յարութ Չէքիճեան, «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտ, “Ազդակ”֊ի Մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ 21 Փետրուար 2024

686 էջ, 1917-էն 1922 Հայաստանի Հանրապետութեան մամուլէն քաղուած նիւթեր եւ անոնց 135 պատճէնները, 264 լուսանկար եւ 17 քարտէսներ, 983 յատուկ անուններու ցանկ (INDEX):

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին առիթով – ԵԹԷ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՆՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Միջազգային Ատեաններու Մօտ

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին Նիւթն էր՝ «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»։ Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)՝ կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ. 1. Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:   2. Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը:             1.Continue reading “«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին առիթով – ԵԹԷ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՆՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Միջազգային Ատեաններու Մօտ”

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը ՀՅԴ 133 ամեակին Առիթով

Ինչո՞ւ Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հարկ է վերադառնալ ու փորձել վերապրիլ 1890-ական տարիներու Թիֆլիսի պայմանները, ուր հայերը քաղաքին մեծամասնութիւնն էին ու տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ կշիռը ունէին: Ռուս-պարսկական պատերազմին՝ 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով, Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, ապա 28 մայիս 1918-ի ՀայաստանիContinue reading “Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը ՀՅԴ 133 ամեակին Առիթով”

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ՝ Ծովէ-Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը յիշէ եւ յիշեցնէ այժմու Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, եկեղեցիներուն, նահանգապետերուն եւ համալսարաններուն՝ 1919-ին անոնց նախորդներուն արդար խնդրանքն ու զօրակցութիւնը՝ ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ՝ ԾՈՎԷ ԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔ ՊԱՀԱՆՋՆ ԷՐ:             Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին աշխատանքով, Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ուղղուած այս խնդրագիրը ստորագրած ենContinue reading “Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ՝ Ծովէ-Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…”

Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային՝ Կատարեա՛լ Բարոյական Անկումը

Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ 2 յունուար 2024-ին Իսրայէլի կողմէ շէնքի մը յարկաբաժինին մէջ անօդաչու սարքի մը միջոցով Համասի ղեկավարի մը ահաբեկչական սպանութիւնը կը փաստէ, որ Իսրայէլի նպատակը Կազայի բնակչութեան ոչնչացումն է` ցեղասպանութիւնն է եւ Արցախի նման տեղահանութիւնը, այս պարագային` դէպի Եգիպտոս, եւ ո՛չ թէ` Համասի անդամներուն ոչնչացումը, ինչպէս Իսրայէլ կը ձեւացնէ, կը ստէ:ասպանութիւնն է եւContinue reading “Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային՝ Կատարեա՛լ Բարոյական Անկումը”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք

«ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» Պատմութեան Գիրքերու Չորս Հատորները (1):             «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքը սկսայ 6 փետրուար 2018-ին եւ միայն օգոստոս 2023-ին համացանցին մէջ գտայ խիստ արժէքաւոր՝ «Մեր յաղթանակները Ա., Բ., Գ., Դ.» քառահատոր, «Նորավանք»-ի պատմական հրատարակութիւնը՝ յաջորդաբար 2008, 2009, 2011 եւ 2012-ին լոյս տեսած (գիրքերը կարելի է ներբեռնել այստեղ՝ (2), (3), (4),Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք”

Հայկական Ազգային Գիտակցութեան Մէջ Ինքնաբերաբար Ոչինչ Տեղի Կ՚ունենայ. Ազգային Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը

Կար ժամանակ, հաւանաբար մինչեւ 1990-ական թուականները, երբ գոնէ Լիբանանի հայկական ազգային կեանքին մէջ, ընդհանուր առմամբ որոշ երեւոյթներ, վիճակներ, դրուածքներ, հանգամանքներ, կեցուածքներ, հասկացութիւններ, վարուելակերպեր եւ այլն, մեծին ու պզտիկին համար բացատրութեան չէր կարօտէր, ինքնաբերաբար տեղի կ՚ունենային, կամ՝ կ՚ընկալուէին, իբրեւ տուեալ իրողութիւն, բնական կը համարուէին, պարզապէս՝ բոլորին կողմէ կ՚ակնկալուէին: Օրինակի համար, մեր թշնամիները բոլորիս համար յստակ էր,Continue reading “Հայկական Ազգային Գիտակցութեան Մէջ Ինքնաբերաբար Ոչինչ Տեղի Կ՚ունենայ. Ազգային Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը”

Սփիւռքի Տարի 2023– ԺԷ.Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցներ՝ Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն, Արմատներու Հետ Կապ Եւ Հայկական Միջավայրի Ապահովում

Թէեւ սփիւռքի յատուկ նիւթերը մեր առօրեան են, եւ մենք պիտի չդադրինք այդ մասին խօսելէ եւ գրելէ, ստորեւ` սփիւռքի յատկացուած երկու տարիներուն առթիւ յօդուածներուս եզրափակիչ ամփոփումը:          Ա. մասին մէջ փաստեցինք, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդը ցիր ու ցան հասաւ մինչեւ իսկ Չինաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք, ուր բնազդաբար, առանց որեւէ վերին մարմնիContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2023– ԺԷ.Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցներ՝ Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն, Արմատներու Հետ Կապ Եւ Հայկական Միջավայրի Ապահովում”

Design a site like this with WordPress.com
Get started