Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԲ.Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցները, Միութիւններ Ու Անդամներու Եւ Համակիրներու Աշխուժ Ցանցեր

Կրկնութեան գինով պէտք է շեշտել հետեւեալը.             Ա.- «Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ու ձգտումն է, որ կը միաւորէ ու կը հզօրացնէ սփիւռքի հայութիւնը: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու տեղահանուած ըլլալն է սփիւռքահայութեան հասարակ յայտարարը, եւ յիշողութիւնն ու հատուցումի պահանջատիրութիւնն է բոլորսContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԲ.Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցները, Միութիւններ Ու Անդամներու Եւ Համակիրներու Աշխուժ Ցանցեր”

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԱ.

Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցները, Փոքրիկներու Միութիւններ Նախորդող Ժ. մասը մարդուժի վերաբերեալ գնահատական կատարելէն ետք աւարտեցինք. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ փոքր տարիքէն պէտք է անդամակցի հայը հայ պահող, Հայ դատը հետապնդող ազգային որեւէ միութեան, կամ կուսակցութեան, նոյնիսկ` մէկէ աւելիին: Այս է հայապահպանման ՏԵԴԱ-ին Այբը` ակումբը»:             Միութեան մը, կամ կուսակցութեան ակումբը, ժողովրդային տունըContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԱ.”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ժ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Սփիւռքահայութեան Թշնամիները, Որոնց Պէտք Է Դիմադրել

Գործնական առաջարկները շարունակելէ առաջ թուենք ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան յայտնի ու անյայտ, ուղղակի եւ անուղղակի թշնամիները եւ անոնց թիրախները` Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց եւ Ակումբ` ՏԵԴԱ-ն. տես` մաս Դ. (1):Ա. Անմիջապէս յայտնենք, որ մեր անուղղակի` ոչ ֆիզիքական թշնամին քաղքենիութիւնն է եւ աշխարհաքաղաքացիութեան մեծ սուտը (մանաւանդ Հայաստանի մէջ), որոնք միջազգային յայտնի ու գաղտնի աղանդներու եւ կազմակերպութիւններուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Ժ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Սփիւռքահայութեան Թշնամիները, Որոնց Պէտք Է Դիմադրել”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Թ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Մարդուժ

Սփիւռքի հայ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ աքսորեալներու` իրենց հայրենիքէն, հողերէն, քաղաքներէն, գիւղերէն, գործարաններէն, արտերէն, պարտէզներէն, կալուածներէն, գործատեղիներէն, խանութներէն եւ տուներէն դաժանօրէն ջարդուած, կողոպտուած ու տեղահանուած սերունդներուն եւ անոնց զաւակներուն իրենց սեփական հայրենիքէն դուրս համախմբումն է::             Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Թ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Մարդուժ”

ՀՅԴ տօնակատարութիւն 2022

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ ու զարգացաւ հայ անհատը, ուրեմն նաեւ հայ ժողովուրդը ստրկութենէ փրկելու եւ իբրեւ մարդ արժանապատիւ ապրելու պայմաններ ապահովելու համար: Հայ ժողովուրդը 500 տարիէ աւելի, թուրք, օսման բարբարոս ու վայրագ, խուժան այլ ցեղախումբերու լուծին տակ ապրելով` ստրուկի վերածուած էր: Հայը իր հողին վրայ պիտի աշխատէր, տքնէր ու մշակէր, որպէսզի թուրք փաշան, կուսակալը, ոստիկանապետը,Continue reading “ՀՅԴ տօնակատարութիւն 2022”

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…

«Հայաստանի տնտեսութեան մէջ 150 հազար տոլար ներդրած օտարերկրացիները կարող են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ» խորագիրով 15 հոկտեմբեր 2022-ին «Արմենփրես» կը հաղորդէ (1) Հայաստանի կառավարութեան հետեւեալ նախագիծ-ծրագիրը (իսկ այս օտարամոլ  իշխանութեան ո՞ր ապազգային ծրագիրը ցարդ ձախողութեան մատնուած է, ո՛չ մէկը*). ստորեւ այս լուրէն հատուածներ՝ արեւմտահայերէն.             «…Նախագիծի համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք կրթութեանContinue reading “Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ը. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն

Ամփոփենք նախորդող եօթը յօդուածներուն խորհուրդը.          Ա. մասին մէջ փաստեցինք, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած հայերուն ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդը ցիր ու ցան հասաւ մինչեւ Չինաստան եւ Ծայրագոյն արեւելք, ուր բնազդաբար, առանց որեւէ վերին մարմնի մը գոյութեան, փոքրաթիւ գաղութները, շնորհիւ ունեւոր քանի մը հայերու, իրենք զիրենք  կազմակերպեցին, եկեղեցի եւ դպրոց շինեցին ու իրերօգնութեան մարմին գոյացուցին` պահպանելուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Ը. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Է. Ինչո՞ւ Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Նախորդող Զ. Մասը աւարտեցինք՝ «Հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար» պարբերութեամբ:Որո՞նք են հայկական սփիւռքը ամուր ու հայկական պահելու եւ «Մաշումը» կասեցնելու կարողութիւնը ունեցող, սփիւռքահայութեան առաջնահերթութիւնը կազմող թիրախ խումբերը՝ ցանցերը, եւ որոնք են անոնց տրուելիք «Պարտականութիւնները» եւ գործադրելուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Է. Ինչո՞ւ Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Զ. Ինչո՞ւ Երրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Այս յօդուածաշարով կը փորձենք իրական օրինակներով վերլուծել, թէ ինչո՞ւ նախկին հայկական ամուր սփիւռքը սկսած է իր հայկական դիմագիծը կորսնցնել լեզու եւ աւանդ, որո՞նք էին անոր հզօրութեան ազդակները (ՏԵԴԱ), իբրեւ հաւաքականութիւն ո՞ւր տկարացանք կամ թերացանք, եւփորձել գործադրելի լուծումներ որոնել իրավիճակը բարելաւելու համար: Այսինքն ծնունդով հայը իբրեւ լեզուով ու մշակոյթով ապրող հայ, իր պատմութեան գիտակից եւ իբրեւContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Զ. Ինչո՞ւ Երրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր”

Լիբանանահայը՝ Քանատահայ 7. – Եղեր…

– Ափ ի բերան մնացի,- ըսաւ: – Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուց Վահէն, որ տակաւին չէր սորված, թէ այս մարդը այդ տեսակ խօսք մը մէջտեղ կը նետէ, ձկնորսի մը նման, որ խայծ մը կը նետէ ջուրին մէջ այն յոյսով, որ մէկը կը բռնուի: – Ի՞նչ պիտի ըլլար: Նորէն դրամ հաւաքելու ելեր են: – Ո՞վ դրամContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ 7. – Եղեր…”

Design a site like this with WordPress.com
Get started