Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը

– Շատ ծիծաղելի նորութիւն մը կայ: Վերջերս անոնք, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայէն դէպի Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա կը ճամբորդեն, երբ Քանատա վերադառնան, իրենց վրայ ամէնէն մեծ տպաւորութիւն գործած կ’ըլլայ այն իրողութիւնը, որ մարդիկ ամէն տեղ կը ծխեն,- ըսաւ Վազգէնը, եւ գրպանէն սիկարեթի տուփ մը հանելով` հատ մը վառեց: – Քանատայի մէջ սիկարեթ ծխելը հիմա աւելի ծանրContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը”

Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք

– Վազգէն Շուշանեանի անտիպ գործերու նոր հատոր մը լոյս տեսած է Մոնրէալի մէջ,- ըսաւ Վահէն,- անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ: – Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ Շուշանեանի ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը` Պօղոս Սնապեանը, մահացաւ անցեալ շաբաթ,- ըսաւ Յասմիկը: – Այո՛, վերջին անգամ, երբ Սնապեան Թորոնթօ եկած էր, դասախօսութիւն մը տուաւContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք”

Լիբանանահայը Գանատահայ – 4. Երգ Երգոց

Ժիրայրին յիսուներորդ տարեդարձն էր, այդ գիշեր մեր զուարճութեան համար իր տղան` Րաֆֆին եւ անոր ընկերը` Սեւակը, հայկական նոր սկաւառակներ բերած էին, եւ երաժշտութիւնը անընդհատ կ՛ընթանար զանազան երգչուհիներու եւ երգիչներու կատարողութեամբ, որոնց մեծ մասը մեզմէ շատերուն համար անծանօթ էին: Սեւակը երգերու եւ տեսահոլովակներու (վիտէօ քլիփ) մեծ հաւաքածոյ մը ունէր եւ երգիչներէն շատերը անձամբ կը ճանչնար եւContinue reading “Լիբանանահայը Գանատահայ – 4. Երգ Երգոց”

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 3. Աղջիկ Մը Եւ Երեք Չղջիկ

Ընկերուհիիս` Սիլվային հետ, շաբաթավերջերուն Թորոնթոյի մօտակայ փոքր քաղաքները կամ գիւղերը կ՛այցելէինք, ան կը սիրէր գիւղական շուկաներէ բանջարեղէն, պտուղ եւ մեղր գնել: Այս պտոյտներէն մէկուն ընթացքին Փորթ Հոփ կոչուած փոքրիկ քաղաքը այցելեցինք, որ շատ սիրուն քաղաքապետարան մը ունէր: Օնթարիօ նահանգի հազուագիւտ վայրերէն էր, որ տափարակ չէր. քաղաքին կեդրոնէն Կանարասքա գետը կը հոսէր, որուն եզերքէն մարդիկ ձուկContinue reading “Լիբանանահայը` Քանատահայ – 3. Աղջիկ Մը Եւ Երեք Չղջիկ”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Յօդուածաշարքիս Ա., Գ., եւ Դ. մասով անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով զանգուածային սփիւռք դարձած առաջին սերունդին մասին, որ շուրջ 600 տարի առանց հայկական պետականութեան, թէ՛ իր հողին վրայ եւ թէ՛ ալ մայր հողէն հեռու, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ հայ մնացած էր եւ հայկական մշակոյթ ծաւալած:             Ցեղասպանութեան տարիներուն, երկրէն դուրս, հայկական մեծ, աշխոյժ, ուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր”

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 2. Հիւսիսայգ

Վազգէնին հետ յաճախ սուրճ խմելու կ՛երթայինք, եւ ինք միշտ կ՛ուզէր «Էրզ» անունով միջինարեւելեան հսկայ նպարավաճառատան սրճարանի բաժինը երթալ: – Վազգէ՛ն, ա՛լ ձանձրացայ այս սրճարանը գալէն, ի՞նչ համ կ՛առնես` չեմ գիտեր, – ըսի օր մը: – Նայէ՛, երբ որ այս խանութը մտնեմ, արդէն համեմներուն բոյրերը տունս կը յիշեցնեն ինծի: – Աստուծոյ սիրոյն, տունէն դուրս կ՛ելլես, որContinue reading “Լիբանանահայը` Քանատահայ – 2. Հիւսիսայգ”

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 1 Կարօտ

Նախաբան             Պէյրութ, Լիբանան ծնած Սուրէն Չէքիճեան (1943-2016) 1967-ին Քանատայի Թորոնթօ քաղաքը գաղթած է իր ուսումը շարունակելու համար։ Թորոնթոյի մէջ տարրալուծարանի պաշտօնեայ աշխատած է՝ միեւնոյն ատեն յաճախելով Թորոնթոյի Ռայըրսըն եւ Եորք համալսարանները, հետեւելով գրականութեան, թատրոնի, ֆիլմի եւ հեռատեսիլի ճիւղերուն։ Քանատայի մէջ տարիներու ընթացքին աշխատած է՝ իբրեւ շինարարութեան բանուոր, ատաղձագործ, տպագրիչ, գործարանի մեքենաներ նորոգող եւ ուսուցիչ։           Continue reading “Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 1 Կարօտ”

2022 Սփիւռքի Տարի – Դ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր Բ.

Սիմոն Վրացեանին ընտանիքը Նոր Սալա՝ իրենց գիւղը կը վերադառնայ, ուր Սիմոն թեմական վարժարանը կը յաճախէ, եւ այնտեղ դասընկերի մը հրաւէրով կուսակցական կը դառնայ: Սակայն, առաջին անգամ ժողովատեղիին հասցէն սխալելով, փոխանակ Հնչակեան գործիչին դուռը զարնելու՝ Դաշնակցականին դուռը կը զարնէ, հոն ալ կը մնայ եւ այդպիսով դաշնակցական կը դառնայ: Եթէ Ռուսական Տիմաշովկա գիւղը մնային, Սիմոն իր պատանեկութեանContinue reading “2022 Սփիւռքի Տարի – Դ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր Բ.”

Կենսունակ Պուրճ Համուտը Եւ Մեր Հիանալի Ժողովուրդը

Շուրջ երկու տարի «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով մեր հանրային ձեռնարկները ակամայ գրեթէ դադրելէն ետք, կիրակի, 20 մարտ 2022-ին, ուրախութեամբ եւ մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղանք եւ վայելեցինք Պուրճ Համուտի «Մեր Շուկան» ծրագիրը: 1. «Մասթըր Մոլ»-ի մէջ «Մեր Շուկան»-ի բազմութիւնը:  2. Մեր ժողովուրդին խիտ շարքերով ընդառաջումը եւ ներկայութիւնը:             Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ գարնանամուտին՝ կլիման հովախառնContinue reading “Կենսունակ Պուրճ Համուտը Եւ Մեր Հիանալի Ժողովուրդը”

«Ազդակ» Լիբանանահայութեան Եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը – 95 – Ամեակին Առիթով

Լիբանանահայերէն շատերուն համար «Ազդակ» օրաթերթը եղած է եւ է առօրեայ ընթերցումի, ծանօթութեան եւ զբաղումի միջոց մը: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ, նախկին լիբանանահայերուն մասին, որոնք ամէնուրեք տարածուած են, եւ համացանցին միջոցով կը շարունակեն կարդալ: Այդպէս կ՛ըսեն ծանօթներս եւ ազգականներս: Ի՞նչ է գաղտնիքը:             Գաղտնիքը նոյն ինքը յարատեւութեան մէջ է, որ կը կայանայ: 95 տարիներ շարունակContinue reading “«Ազդակ» Լիբանանահայութեան Եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը – 95 – Ամեակին Առիթով”

Design a site like this with WordPress.com
Get started