Հայաստան-Արցախ-Հայ Դատ Եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս Զուգահեռները Եւ Աշխարհաքաղաքականութիւնը

Ա. Ընդհանուր պատկեր, Արեւելք-Արեւմուտք հակադիր դաշինքներ.

            25 Դեկտեմբեր 1991-ին թիւ 142-H որոշումով Խորհրդային Միութիւնը պաշտօնապէս լուծարուեցաւ, նշելով փոխանցումը եւ սկիզբը Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան՝ ԱՊՀ, որուն լիիրաւ անդամ դարձան նախկին Խորհրդային Միութեան 15 երկիրներէն 10-ն: Ուքրանիան հիմնադիր անդամ ըլլալով հանդերձ, չէր վաւերացուցած կանոնագրութիւնը, իսկ Թուրքմենիստանը՝ ընկերակից կարգավիճակով մնաց: Պալթեան երեք երկիրները՝ Էսթոնիա, Լաթվիա եւ Լիթուանիա, մերժեցին միանալ, մինչ Վրաստան 2009-ին կազմէն դուրս եկաւ իսկ Ուքրանիան՝ 2018-ին: Այժմ 9 երկիրներ կը մնան ԱՊՀ-ի լիիրաւ անդամ, ներառեալ Հայաստանը (1), տես՝ քարտէս 1:

1. ԱՊՀ-ի քարտէսը, Թուրքմենիստանը ընկերակից, իսկ Մոնկոլիան՝ դիտորդ:

            Վրաստանը եւ Ուքրանիան «Արեւմուտքին», այսինքն՝Ամերիկա, Անգլիա եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ սարքուած «Գունաւոր յեղափոխութիւններուն» պատճառով դուրս եկան ԱՊՀ-էն, եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող այլ միութիւններէն: Սակայն Հայաստանը, որ նաեւ նոյն Արեւմտեան «Յեղափոխութեան» զոհ դարձաւ, հակառակ Արեւմուտքի ճիգերուն եւ Հայաստանի հակահայ այս իշխանութեան, բարեբախտաբար տակաւին անդամ է եւ կը մնայ շրջանային հզօր ու դաշնակից Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ, տես՝ նկար 3:

            Նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Ռուսիան եւ Պելոռուսիան միութիւն հռչակեցին 8 դեկտեմբեր 1999-ին, իբրեւ առաւելագոյն մակարդակի յարաբերութիւն ունեցող դաշնակիցներ (գրեթէ միացում), որ վերջերս վերահաստատուեցաւ: Երկրորդ մակարդակի խմբակը՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնն է՝ ԵԱՏՄ, որուն կ՚անդամակցին նաեւ Ղազախստանը, Հայաստանը եւ Խրխզիստանը:

            Արեւմտեան զինուորական ուխտին՝ ՕԹԱՆ-ին համապատասխանող ռուսականը՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը  ՀԱՊԿ-ն է, որուն անդամներն են Հայաստանը, Պելոռուսիան, Ղազախստանը, Խրխզիստանը, Տաճիկիստանը եւ Ռուսիան (2):

2.Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան՝ ԱՊՀ այժմու երկիրները:

            ՕԹԱՆ-ին նպատակը. Հիմնուեցաւ 4 ապրիլ 1949-ին, երկրորդ աշխարհամարտէն ետք, Միացեալ Նահանգներուն հովանաւորութեամբ: 12 Հիմնադիր անդամներն էին՝ Ամերիկա, Քանատա, Իսլանտա, Անգլիա, Փորթուկալ, Պելճիքա, Հոլանտա, Դանիա, Նորվեկիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Լուքսեմպուրկ: Այժմ ունի 30 անդամ երկիրներ, Թուրքիան 1952-ին միացաւ: Հիմնական նպատակն էր դաշնակիցներուն ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել քաղաքական եւ զինուորական միջոցներով, հակադրուելով այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան դէմ (3):

            Վարշաւիոյ Ուխտը. Խորհրդային Միութեան հովանաւորութեամբ, 14 մայիս 1955-ին, Խորհրդային Միութիւնը (15 երկիրներ) եւ Արեւելեան Եւրոպայի 7 երկիրներ՝ Արեւելեան Գերմանիա, Լեհաստան, Չեքոսլովաքիա, Հունգարիա, Ալպանիա, Պուլկարիա եւ Ռումանիա, այս դաշինքը կնքեցին, իբրեւ ՕԹԱՆ-ին հակադիր ճակատ, երբ որ Արեւմտեան Գերմանիան միացաւ ՕԹԱՆ-ին (4):

3. Նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն այժմու զանազան կազմակերպութիւններու անդամակցութեան պատկերը, գունաւոր օղակներու մէջ: Վարը աջին՝ չճանչցուած պետութիւններ «Ազգերու Իրաւունքի եւ Ժողովրդավարութեան Համայնք»-ի անդամներ՝ Արցախ, Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ Թրանսնիստրիա (5), (6): GUAM-ը անգլերէն սկզբնատառերն է Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Մոլտովայի, որ «ժողովրդավարութեան» եւ տնտեսական զարգացման խմբաւորում է:

          Խորհրդային Միութեան վերջնական փլուզումէն առաջ, 1 յուլիս 1991-ին Չեքոսլովաքիոյ նախագահ Վացլաւ Հաւել Վարշաւիոյ ուխտը դադրած յայտարարեց: 31 դեկտեմբեր 1992-ին Չեքոսլովաքիան «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ բաժնուեցաւ երկու հանրապետութիւններու՝ Չեխիա եւ Սլովաքիա:

Բ. Եուկոսլաւիոյ քայքայումը.

            Եուկոսլաւիան, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք վեց երկիրներու՝ Պոսնիա-Հերցեկովինիայի, Խրուաթիոյ, Մակեդոնիոյ, Մոնթենեկրոյի, Սերպիոյ եւ Սլովինիոյ ու երկու ինքնավար մարզեր՝ Վոճվոտինայի եւ Քոսովոյի ընկերվարական դաշնակցութիւնն էր, կը պատկանէր «Ոչ Յանձնառու» երկիրներու խումբին, հակաարեւմտեան եւ հակաստալինեան թեքում ունէր: Թիթոյի մահը, Խորհրդային Միութեան քայքայումը եւ «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը», 25 յունիս 1991-ին, մղեցին Սերպիան ու Խրուաթեան դաշնութենէն անկախութիւն հռչակելու: Այնուհետեւ, մինչեւ 17 փետրուար 2008, երբ Քոսովոն ալ անկախութիւն հռչակեց Սերպիայէն՝ բոլոր ազգային խմբաւորումները անկախութիւն հռչակած էին, ընդհանրապէս ՕԹԱՆ-ի եւ ՄԱԿ-ի ուղղակի միջամտութեամբ (7):

4. Թրանսնիստրիա, Մոլտովայէն անջատուած եւ Ուքրանիոյ դրացի՝  չճանչցուած պետութիւն:   5. Քայքայուած Եուկոսլաւիոյ 6 նոր պետութիւնները, Քոսովոն եւ տակաւին ինքնավար Վոժվոտինիան:

            ՕԹԱՆ-ի կողմէ Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումը (8).  28 փետրուար 1994-էն սկսեալ ՕԹԱՆ-ի ուժերը ուղղակի մասնակցեցան Եուկոսլաւիոյ քայքայումի գործին, երբ անոնք Պանճա Լուքայի մօտ վար առին 4 Սերպիական հալածիչներ: ՕԹԱՆ-ի պատմութեան մէջ առաջին պատերազմական գործողութիւնն էր այս, որ նախընթացը եղաւ յաջորդող ռազմական միջամտութիւններուն, նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ, մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2004: Նախապէս ՕԹԱՆ-ը մի՛այն օդային հսկողութիւն (Իրաքի մէջ, No fly zone) կ՚ընէր (9):

            Ամերիկան, Անգլիան, Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ, այժմ 110 երկիրներ, «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ ճանչցան Քոսովոյի անկախութիւնը, որ ՕԹԱՆ-ին ուղղակի ռազմական գործողութիւններով, ամերիկեան հրամանատարութեամբ՝ 1031 օդանաւ 30 մարտանաւ եւ ընդծովեայ ուժով իրականացած էր: Մինչ, Սերպիան, որմէ անջատուեցաւ Քոսովոն, եւ յատկապէս՝ Ռուսիան, Չինաստանը, Սպանիան, Հայաստանը, ՄԱԿ-ը եւ շատ մը այլ երկիրներ չեն ճանչցած Քոսովոյի անկախութիւնը:

            Ահաւասիկ Քոսովոն, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) նման ինքնավար մարզ էր, «Արեւմուտք»-ին կողմէ Սերպիոյ դէմ բուռն ռմբակոծումներէ ետք անկախ հռչակուեցաւ ու ճանչցուեցաւ 110 երկիրներու կողմէ, մինչ, Արցախը, որ հազարաւոր տարիներու հայկական հայրենիք է եւ մի՛այն հայ ժողովուրդին ճիգերով մասամբ ազատագրուեցաւ եւ «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ երկու օրինաւոր հանրաքուէներով անկախութիւն հռչակեց, ափսոս, որ նոյնի՛սկ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որեւէ այլ պետութեան կողմէ չճանչցուեցաւ

Արդարեւ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 11 օր առաջ, օրինական կարգով` 10 դեկտեմբեր 1991-ին, ըստ խորհրդային թիւ 1990 04 03 օրէնքին` Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը, օտար դէտերու ներկայութեամբ, հանրաքուէի միջոցով անկախութիւն հաստատեց` դուրս գալով Ազրպէյճանի հոգատարութենէն եւ դառնալով անկախ պետութիւն (10)

6. Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի՝ ՕԹԱՆ-ի Կազմակերպութեան աշխարհագրութիւնը (NATO):  7. Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը՝  ՀԱՊԿ (CSTO):

            12 մարտ 1999-ին Չեխիան, Հունգարիան եւ Լեհաստանը միացան ՕԹԱՆ-ին, ապա, 29 մարտ 2004-ին՝ Պուլկարիա, Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Ռումանիա, Սլովաքիա եւ Սլովենիա ու վերջապէս Ալպանիան՝ 1 ապրիլ 2009-ին: Արեւելեան Գերմանիան արդէն միացած էր Արեւմտեանին: Այսպիսով, Վարշաւիոյ Ուխտին բոլոր ոչ նախկին Խորհրդային անդամները եւ պալթեան երեք Խորհրդային երկիրները միացան ՕԹԱՆ-ին:

            Վերեւ նշուած իրադարձութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնը այն է, որ «Գունաւոր յեղափոխութիւններու» (11), (12), (13), (14), (15) միջոցով «Արեւմուտքը» պիտի քայքայէ ԱՊՀ-ն, ՀԱՊԿ-ն, ԵԱՏՄ-ը եւ ԱՊՀԱԱԳ-ը՝ մէկ-մէկ որսալով անոնց անդամ երկիրները եւ իրե՛ն ենթարկելով զանոնք: Ըստ «Արեւմուտքին», Վրաստանը 2003-ին, Ուքրանիան 2014-ին եւ Հայաստանը 2018-ին, «Յաջող յեղափոխութիւններով» առաջին քայլը առին միանալու համար իրենց: Սակայն այս երեք երկիրները, իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ «պատիժ»՝ հողեր կորսնցուցին. Վրաստանը՝ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, Ուքրանիան՝ նախ Խրիմը, ապա վերջերս Լուկանսքը եւ Տոնեցքը, իսկ Հայաստանը՝ Արցախի մասամբ ազատագրուած հսկայական տարածքներ կորսնցուց:

8. Հայկական բանակի հրամանատար, ապա ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Գեներալ-գնդապետ Եուրի Խաչատուր(եան)ով:  9. Հակահայ երկու տխրահռչակ դաւադրողներ՝  Ճոն Պոլթըն եւ Նիկոլ Փաշինեան:

            ՀԱՊԿ-ի 11 յունուար 2022-ի առցանց վեհաժողովին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց (16), որ կարելի չէ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» բեմադրութիւնը արտօնել: «Մենք պիտի չարտօնենք մեր տան մէջ կացութիւնը զարգացնել, գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութիւն սարքելով», ըսաւ Փութին: Ռուսիոյ ղեկավարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրին` Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչեց արտաքին միջամտութեան հետեւանք: «Ասիկա արտաքին միջամտութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին փորձն է», ընդգծեց Փութին:

            Կարժէ նշել, որ Ամերիկայի հլու-հնազանդ չեղող շուրջ 30 երկիրներու մէջ «Գունաւոր յեղափոխութիւն» տեղի ունեցաւ, երբեմն մէկէ աւելի անգամ, գրեթէ առանց «յաջողութեան» տես՝ (12):

            Արդարեւ, փոխանակ շրջանային հզօր դրացի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, Հայաստանի տխրահռչակ վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան, արեւմտեան դաւադիր «Յեղափոխութեան» միջոցով, եկած էր հակառուս օրակարգով մը, որուն բազմաթիւ օրինակներէն էին.

1.ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ 26 յուլիս 2018-ի դատական հայցի յարուցումը, որ Ռուսիոյ եւ նոյնինքը Հայաստանի վարկին հասցուած մեծ հարուած մըն էր (անմիջապէս, վարչապետ ըլլալէն շուրջ 50 օր ետք):

2. Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին՝ ԵԽԽՎ-ի մէջ Ռուսիոյ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու վերադարձին դէմ քուէարկելու յիմարութիւնը 25 յունիս 2019-ին:

3. Փաշինեան նաեւ նեղացուց Իրանը՝ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալով (որ շուրջ 10 օր ետք գոցեց) եւ  Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու՝ Իսրայէլի ծառայող, հակա Իրան, տխրահռչակ Ճոն Պոլթընը ընդունելով 25 հոկտեմբեր 2018-ին: Այս այցելութենէն ետք, յիմարօրէն, կարգ մը ամերիկեան պատժամիջոցներ կիրարկեց մեր բնական դաշնակից, եւ մեր հարաւի հետ բաց սահմանով հզօր դրացի Իրանին դէմ…

            Պոլթըն «Արմնիուզ»-ին բացատրած էր, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հիանալի դիրքի վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով (միւս հարցը՝ Իրանի մասին էր) վճռական որոշում տալու համար… (17), այսինքն՝ պատրաստ էր Արցախը յանձնել թշնամիին:

Գ. Ահա վերոնշեալ աշխարհաքաղաքական ենթահողին եւ Միացեալ Նահանգներուն բացայայտ ու յայտարարուած ռազմավարութեան հիման վրայ պէտք է արժեւորել այժմու Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը եւ Հայաստանն ու Արցախի մասին Արեւմուտքին աննպաստ ու վնասակար կեցուածքը:

            «Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան» խորագիրով 23 հոկտեմբեր 2020-ին (18), եւ «Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը Եւ Ռուսիան» խորագիրով, 19 նոյեմբեր 2020-ին (19) անդրադարձած էի ամերիկեան «Ռէնտ» հիմնարկին 24 ապրիլ 2019-ի ռազմավարական ուսումնասիրութեան, որ ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող կեդրոն է (20),  354 էջ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին, ստորեւ՝ անոր վեց թելադրանքները (21).

1.- Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել:

2.- Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել,

3.- Պելոռուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել,

4.- ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ,

5.- Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել,

6.- Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան:

            Այս ուսումնասիրութիւն թելադրանքներէն երեքուկէս տարի ետք, այժմ, յստակօրէն կը տեսնենք, որ այս բոլոր թելադրանքները գործադրուեցան ու կը շարունակուին, ո՛չ մէկը յաջող, ինչպէս որ արդէն նախատեսուած էր, հակառակ անոր, որ Ամերիկայի նախագահը եւ տիրող կուսակցութիւնը փոխուեցան յունուար 2021-ին: Տես՝ «Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգներուն Այսպէս Կոչուած «Ազգային Շահերը» Չեն Փոխուիր Նախագահին Եւ Անոր Կուսակցութեան Փոփոխութեամբ» (22):

            Ինչպէս նշեցինք, այս թելադրանքներուն գլխաւոր նպատակը Ռուսիան տկարացնել է, եւ դժբախտաբար վերեւ նշուած չորրորդ թելադրանքը՝ «Հարաւային Կովկասի լարուածութիւնը շահագործել», ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ եւ այժմու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր գործակցութեամբ իրականացաւ 44-օրեայ պատերազմով, 27 սեպտեմբեր 2020-ին: Տես՝ «Միացեալ Նահանգները Եւ Արցախի Դէմ Տեղի Ունեցող Պատերազմը» (23). «Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի տուած կանաչ լոյսով (ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ միջոցով), քանի որ պատերազմին վայրը՝ Ռուսիոյ հարաւը եւ Իրանի հիւսիսը անկայուն դարձնելը եւ Իրանի հիւսիսային ճամբան փակելն է իրենց յայտարարած նպատակը»:

             Այժմ առնենք առաջին թելադրանքը. «Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել» («Provide Lethal Aid to Ukraine»): Այս թելադրանքը 24 ապրիլ 2019-ին կատարուած էր, իսկ որո՞ւ դէմ էր մահացու՝ այսինքն ոչ ինքնապաշտպանական օժանդակութիւնը, անշո՛ւշտ Ռուսիոյ դէմ: Ուրեմն, նախայարձակը Ամերիկա-Ուքրանիա զոյգն էր, որ այժմ ՕԹԱՆ-ով ալ օժտուեցաւ: Նշենք, որ Ռուսիան 24 փետրուար 2022-ին իբրեւ «ինքնապաշտպանութիւն» յարձակեցաւ Ուքրանիոյ վրայ, պաշտպանելու համար ռուս ծագումով քաղաքացիները, որոնցմէ, ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-էն ի վեր, առ նուազն 14000 ռուսեր ցեղային մաքրագործման ենթարկուած էին «Նոր նացի» Ազովի ջոկատներուն կողմէ, այս թելադրանքին գործադրութենէն շուրջ 3 տարի ետք, երբ Ուքրանիան յայտարարեց ՕԹԱՆ-ին միանալու իր որոշումը:

10. «Ռէնտ»-ի 354 էջ ուսումնասիրութիւնը:  11. «Ռէնտ»-ի 6 թելադրանքները, եւ վարը, անոնց օգուտը, ծախսը, վտանգը եւ յաջողութեան հաւանականութիւնը, որ մէկ միջակ եւ հինգ ցած նախատեսուած է համապատասխանելով ցարդ կատարուածին:

            Վերոնշեալ պատճառաբանութիւնը նկատի առնելով, մեզի նման շատեր «Ռէնտ»-ի այս թելադրանքները կը մեկնաբանեն, որ Ուքրանիան է Ռուսիոյ դէմ նախայարձակը՝ Ամերիկայի քաջալերանքով ու «մահացու» զէնքերով, եւ ուրեմն Ռուսիան իր դրացիէն ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ կը գտնուի եւ ո՛չ թէ նախայարձակի: Ուստի, այս մեկնաբանութիւնով մտահոգուած, «Ռէնտ»-ի խմբագրութիւնը սեպտեմբեր 2022-ին, 24 ապրիլ 2019-ի կայքէջին նախկին էջին վրայ «կապերու» (link) նոր պարբերութիւն մը աւելցուցած է նկատելէ ետք, որ իրենց ռազմավարական այս ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նշեցի, ի շահ Ռուսիոյ կ՚օգտագործուի, ուրեմն, կը քաջալերեն, որ այցելուները իրենց պատրաստած քարոզչական շարք մը հակառուս այլ տեղեկագիրներ ալ կարդան (21)…    

            Հանճար ըլլալու պէտք չկայ հաստատելու համար, որ մեր տրամաբանական ու սերտ գործակիցները պէտք է ըլլան հարաւէն հիւսիս առանցքը՝ այսինքն, հարաւի հզօր պետութիւն Իրանը, Վրաստանը եւ շրջանային հզօր եւ արդէն իսկ դաշնակից գերտէրութիւնը՝ Ռուսիան: Պէտք է նշենք, որ այս առանցքին կը զօրակցին նաեւ երկու հզօր պետութիւններ եւս, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը. տես՝ «Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն» (24) եւ Ուանկ Հայտոնկի «Թուրքիոյ Բան-Թուրանական ձգտումներուն հետեւանքները Չինաստանի համար» (25) յօդուածները:

12. Բան-Թուրանական ձգտումներուն քարտէսը՝ Հունգարիայէն մինչեւ Չինաստան:

            «Ռուսիոյ Նախագահ Փութինի՝ Պատմութեան Վերադառնալու Շահեկան Ելոյթները Եւ Հայկական Դիւանագիտութեան Ու Մամուլին Անհաւատալի Անտարբերութիւնը» խորագիրով յօդուածիս մէջ (26), Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիս 2021-ին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (27), ուր գրած է (հատուածներ).

            «…Հետեւաբար ժամանակակից Ուքրանիան ամբողջութեամբ խորհրդային ժամանակաշրջանի հետեւանք է (ինչպէս որ Արցախը, Նախիջեւանը եւ Ջաւախքը*): Մենք լաւ գիտենք եւ կը յիշենք, որ ան ծնունդ առած է, զգալի մասը, պատմական Ռուսիոյ հողերուն վրայ: Ասոր համոզուելու համար բաւարար է տեսնել 17-րդ դարու ռուսական պետութեան վերամիացած հողերուն քարտէսը եւ Ուքրանիոյ ԽՍՀ տարածքի սահմանները` Խորհրդային Միութիւնը լքելու ժամանակ»: (Ազրպէյճան 1918-էն առաջ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած*):

            «… Այս յօդուածին վրայ աշխատելուս ընթացքին ապաւինեցայ բաց աղբիւրի վաւերագիրներուն վրայ, որոնք բաւարար յայտնի փաստեր կը պարունակեն եւ ոչ թէ` գաղտնի արխիւներուն վրայ: Արդի Ուքրանիոյ ղեկավարները եւ անոնց արտաքին «հովանաւորները» կը նախընտրեն անտեսել այս փաստերը: Սակայն անոնք առիթը չեն փախցներ ինչպէս երկրէն ներս, նաեւ դուրսը՝ դատապարտելու «սովետական վարչաձեւին յանցագործութիւնները»՝ մէջբերելով իրադարձութիւններ, որոնց հետ ո՛չ ԽՄԿԿ-ն, ո՛չ ԽՍՀՄ-ը, մանաւանդ ժամանակակից Ռուսիան կապ ունին: Միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկներուն ճիգերը՝ Ռուսիայէն իր պատմական հողերը անջատելն ու բաշխելը յանցագործութիւն չեն համարուիր: Եւ մենք գիտենք, թէ ինչո՛ւ. եթէ ատոնք Ռուսիոյ տկարացման ծառայեցին, կամ մեզի վատ մաղթանքներ բերին, անոնք կ՛ուրախանան»:

 13.  Նախագահ Փութին 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին առիթով Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

            «… Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*)»:

            «… Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՔ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ` ՄԷԿ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻ ՄԷՋ» կը գրէ Փութին:

            Այսպիսի նպաստաւոր եւ գրաւոր կեցուածք, ռուսիոյ նախագահին կողմէ, իր կայքէջին մէջ, ցարդ կ՚անտեսուի Հայաստանի իշխանութիւններուն, դիւանագէտներուն, լրատուամիջոցներուն եւ «փորձագէտներուն» կողմէ: Այս դաւադիր իշխանութիւնը, փոխարէնը՝ ձեռք երկարած է ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը յափշտակած եւ ուրացո՛ղ թշնամի ԹՈՒՐՔԻՆ… Փոխանակ՝ մեր դատը պաշտպանող Ռուսիոյ եւ իր նախագահին, որ պատմութեան հենելով՝ արդար մօտեցումով կը մեկնաբանէ Արցախի հարցը: Ինք իր յստակ տեսակէտը յայտնեց, սակայն հայկական կողմը անտեսեց…Ուրիշ որեւէ նախագահ այսքան բացայայտ ու արդար յայտարարութիւն չէ կատարած:

            «… Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մերժումին` Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս ճանչնալուն, մենք չենք համաձայնիր բոլոր հարցերուն մէջ: Օրինակ` Հարաւային Կովկասի կացութեան վերաբերեալ մենք տարակարծիք ենք, ՆՈՅՆ ԿՈՂՄԸ ՉԵՆՔ: Սակայն մենք գիտենք նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն դիրքորոշումը: Անոնք կը յաւակնին ժողովրդավարութեան բացարձակ ջատագովը ըլլալ, սակայն երբե՛ք չեն ուզեր լսել Խրիմի ժողովուրդին հանրաքուէին արդիւնքին մասին (վերադառնալու Ռուսիոյ կազմ*), որ ժողովրդավարութեան բարձրագոյն չափանիշն է»:

            Ահաւասիկ յստակ զուգահեռը Ռուսիա-Ուքրանիա հողային պահանջատիրութեան եւ Հայաստան, Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք եւ Արեւմտահայաստան մեր հողային  պահանջատիրութեան: Այս պարագային, մենք Ռուսիոյ հետ նո՛յն վիճակին մէջ ենք, նո՛յն անիրաւութեան զոհերը:

            «Ուքրանիոյ Տագնապը Ուքրանիոյ Մասին Չէ, Այլ` Գերմանիոյ Համար» Եւ Ի՞նչ Է Կապը Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին Հետ» խորագիրով 2 մարտ 2022-ի յօդուածէս հատուածներ (28). «Միացեալ Նահանգներուն գերադաս շահը, որուն համար մենք դարեր շարունակ պատերազմած ենք` Առաջին, Երկրորդ եւ Պաղ պատերազմներ, եղած են Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, քանի որ եթէ անոնք միանան, միակ ուժը կ՛ըլլան, որ կրնան մեզի սպառնալ: Եւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ այդ մէկը տեղի չունենար», կ՛ըսէ Ճորճ Ֆրիտմըն` Սթրաթֆոր ամերիկեան ռազմավարական ուսումնասիրութեան կեդրոնին հիմնադիրը (29) (George Friedman, STRATFOR):

            «Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աւելի ջերմ յարաբերութիւնները կ՛ազդարարեն «միաբեւեռ» աշխարհակարգին աւարտը, որուն Միացեալ Նահանգները կը վերահսկէին վերջին 75 տարիներուն: Գերմանեւռուսական դաշինք մը կը սպառնայ արագացնել գերտէրութեան անկումը, որ այժմ աւելի կը մօտենայ անդունդին: Ահա թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթըն վճռական է ամէն ինչ ընելու` Հիւսիսային հոսքը (ռուսական կազի խողովակաշարը) խափանելու եւ Գերմանիան իր արբանեակը պահելու համար: Գոյապայքարի խնդիր է այս: Իրօք՝ Գերմանիոյ նոր վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց մերժեց գործածել նոր խողովակաշարը եւ 26–29 սեպտեմբեր 2022-ին երկու ընդծովեայ խողովակաշարերը խափանարարական պայթումով անգործածելի դարձան:

            Ռուսիոյ հետ Գերմանիոյ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները զարգացած էին եւ երկու խողովակաշարերու «Հիւսիսային Հոսք» 1 եւ 2, ծրագրերն ու գործադրութիւնը կատարուած Գերմանիոյ ռուսախօս նախորդ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ գերմանախօս Ռուսիոյ նախագահ Փութինի օրերուն: Տես նաեւ՝ «Ռուսիա-Ամերիկա-ՕԹԱՆ Ռազմավարութիւնը, Լրատուամիջոցները Եւ Հայաստանն Ու Արցախը» (30):

            «Ահաւասիկ` Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք «Խօսքի ազատութիւն», «Մարդկային իրաւունքներ» եւ այլն քարոզելով՝ իրենցմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու երկիրներու վարչակարգեր տապալեցին, երկիրներ քարուքանդ ըրին, հարիւր հազարաւորներ սպաննեցին, միլիոններ գաղթական դարձուցին եւ «գունաւոր կամ թաւշեայ յեղափոխութիւններ» սարքեցին, որպէսզի ժողովրդավար «տեմոքրաթիք» վարչակարգեր հաստատեն… Իրականութեան մէջ, սակայն, որպէսզի այդ երկիրներուն մէջ իրե՛նց հնազանդող ընդհանրապէս յիմար բռնապետներ հաստատեն եւ անոնց երկիրները կողոպտեն:

            «Ինչ որ չի նշուիր սակայն, այն է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Ռուսիա որեւէ երկրի վրայ չէր յարձակած, մինչ Ամերիկան նոյն ժամանակամիջոցին յարձակած կամ իշխանափոխութիւն կատարած է 50-է աւելի երկիրներու մէջ եւ 800-է աւելի ռազմակայաններ հաստատած՝ աշխարհի տարածքին:

13. Ուքրանական «Նոր Նացի» հակառուս եւ այլամերժ՝ ցեղապաշտ ջոկատներէն մէկը:  14. Դէպի Գերմանիա ռուսական կազ մղող ընդծովեայ «Հիւսիսային Հոսք»-ի երկու խողովակաշարերու խափանարարական պայթումը:

            «Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, աշխարհը կ՛ուզեն տխմարավարութեամբ ղեկավարել՝ կարծելով, որ ամբողջ աշխարհը տխմար է: Ահա ստորեւ՝ այս արեւմտեան տխմարութենէն օրինակներ.

1.- Ամերիկա, Եւրոպա եւ ՕԹԱՆ Ռուսիոյ վրայ ամէն տեսակ պատժամիջոցներ հաստատեցին, ներառեալ` ռուսական կազին եւ քարիւղին վրայ: Սակայն ծիծաղելիօրէն՝ ո՛չ այն քարիւղին եւ կազին, որ Ռուսիան Եւրոպային կը մատակարարէ, այն ալ՝ Ուքրանիոյ վրայով… Այս ի՞նչ տեսակ պատիժ է: Եւ այս, մինչեւ որ ուժանիւթի նոր աղբիւրներ գտնուին… Ըստ երեւոյթին, ազերի կազը բաւարար չէ, եւ չեն կրնար օգտուիլ անկէ: Իսկ Քաթար յայտարարեց, որ չի կրնար փոխարինել ռուսական կազը…Սխալ հաշիւնե՞ր, թէ ի՛նչ:

            «Կազի համար Եւրոպան ՕՐԱԿԱՆ շուրջ 200-800 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ: Այժմ Ռուսիան կը պարտադրէ, որ ռուսական ռուբլիով վճարուին այս գումարները՝ կրկնակի պատժելով «Արեւմուտքը», ռուբլիին արժէքը վերստին բարձրացնելով եւ եւրոյին արժէքը, որ տոլարէն բարձր եղած է միշտ՝ այժմ տոլարէն նուազ արժէք ունի:

2. «Այս ամբողջ հակամարտութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ «Ազովի ուժեր» կոչուող ուքրանական «Նոր նացի» ցեղապաշտ, հակառուս կազմակերպութիւնն է, Միացեալ Նահանգներուն արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը գտնուէր: Սակայն, այժմ, ամերիկեան զէնքերով օժտուած է, Ուքրանիոյ ազգային պահակագունդին մաս կը կազմէ եւ Ամերիկայի դաշնակիցն է: Այս ալ հեգնական հակասութիւն մը չէ՞. եթէ ահաբեկիչը Ամերիկայի հաշւոյն կը գործէ, ահաբեկիչ ըլլալէ կը դադրի…

            Վերջապէս, «Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը»,  7 հոկտեմբեր 2022-ի յօդուածէս (31) Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարէն կը մէջբերեմ. «… ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի փլատակներուն վրայ: … Միջազգային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պարտաւորուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր անոնց համար, որոնք նահատակուեցան ազատութեան եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ:

            «ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքը կը նախատեսէ հետեւեալ երկու յօդուածները. պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ կը յարգէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

            «ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ետք սկսաւ կանոնագրութեան բոլոր յօդուածներուն ըմբռնումի քննարկումը: Եւ 1970-ին Ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց օրէնք մը, որ ունէր հետեւեալ երկու իրարմէ անջատ բաժինները (օրէնքները*) հաւասարապէս` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հողային ամբողջականութիւնը»:

            Ուքրանիոյ նախագահը քանիցս բողոքեց, որ՝ «Մեզ պատերազմի մղեցիք, եւ ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը եւ ո՛չ ալ Եւրոպան (ուղղակի*) կ՛օգնէ մեզի…»:

            Օտարին ապաւինելով, ազգին եւ հայրենիքին շահը պաշտպանողը իր երկիրն ու ժողովուրդը այս վիճակին չի հասցներ, բազմաթիւ զոհեր, 8 միլիոն գաղթական ու աւերուած քաղաքներ ու տնտեսութիւն: Վասն ինչի՞…

Եզրակացութիւն.

            Ուքրանիայէն ետք աշխարհակարգը պիտի փոխուի, եւ մեզի կը մնայ ազգային գիտակցութեամբ նոր իշխանութեամբ մը ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար տեղ ապահովել:

            Այստեղ արեւելք-արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա, պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնաւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը՝ ուղղութիւնը երբե՛ք ճաշակի հարց չէ:

          Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր՝ պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը՝ Թուրքիայէն եւ արեւելքը՝ Ազրպէյճանէն:

            Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլան՝ մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

30 նոյեմբեր 2022

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

1.  https://en.wikipedia.org/wiki/Commonwealth_of_Independent_States

2.  https://en.wikipedia.org/wiki/Collective_Security_Treaty_Organization

3.  https://en.wikipedia.org/wiki/NATO

4.  https://en.wikipedia.org/wiki/Warsaw_Pact#Members

5.  https://en.wikipedia.org/wiki/Community_for_Democracy_and_Rights_of_Nations

6.  https://en.wikipedia.org/wiki/Transnistria

7.  https://en.wikipedia.org/wiki/Breakup_of_Yugoslavia

8.  https://en.wikipedia.org/wiki/NATO_bombing_of_Yugoslavia

9.  https://en.wikipedia.org/wiki/NATO_intervention_in_Bosnia_and_Herzegovina

10. https://www.aztagdaily.com/archives/313048

11. https://www.aztagdaily.com/archives/489550

12. https://www.aztagdaily.com/archives/550408

13. https://www.aztagdaily.com/archives/551183

14. https://www.aztagdaily.com/archives/554833

15. https://www.aztagdaily.com/archives/556709

16. https://www.aztagdaily.com/archives/534246

17. https://www.aztagdaily.com/archives/480337

18. https://www.aztagdaily.com/archives/487136

19. https://www.aztagdaily.com/archives/489920

20. https://en.wikipedia.org/wiki/RAND_Corporation

21. https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html

22. https://www.aztagdaily.com/archives/503628

23. https://www.aztagdaily.com/archives/486567

24. https://www.aztagdaily.com/archives/526487

25. https://www.aztagdaily.com/archives/480408

26. https://www.aztagdaily.com/archives/516918

27. http://en.kremlin.ru/events/president/news/66181

28. https://www.aztagdaily.com/archives/539507

29. https://en.wikipedia.org/wiki/Stratfor

30. https://www.aztagdaily.com/archives/543167

31. https://www.aztagdaily.com/archives/560352

ԱԶԴԱԿ ԲԱՑԱՌԻԿ 2022-2023

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started